Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/64

Այս էջը հաստատված է

հանէ: Ուր որ երթանք, դո՛ւն կը խօսիս, ամեն տեղ, հիւրասիրութիւններու ժամանակ, ակումբներու մէջ, ընկերական հանդիպումներուն... Այս տունը կարծես դուն կ՚առաջնորդես, դուն կաս միայն, ու քու չորանալիք այդ լեզուդ, այդ օձի՛ լեզուդ Եւայի, այո՛, Եւայի՛ լեզուդ, ես չկա՛մ, ես զերո՛յ, դո՛ւն, դո՛ւն, դո՛ւն կաս միայն: Իսկ այստեղ Արեւելք է: Արեւելքը քսաներորդ դարը չի ճանչար: Այստեղ քու պատըտած Եւրոպադ չէ՛: Ի վերջոյ պիտի հասկնաս ասիկա: Այստեղ Եւրոպա չէ, ու այստեղ իշխողը մենք ենք, տղամարդիկը, այս պարագային ե՛ս կը հասկանաս, ե՛ս, ե՛ս, ե՛ս:

Նայեցաւ ձեռքին: Ուռած էր: Այդ ուռեցքը աւելի ջղայնացուց զինք: Ու կայծակելէ առաջ որոտաց դարձեալ...

—Մի՝ շփեր, մի՝ շփեր այդ ձեռքդ, տար ծորակի տակ դիր, տար ծորակին տակ դիր, ըսի. համալսարականի՜ս նայեցէք, կը փաթթէ ձեռքը, ներքին արիւնազեղման ենթարկուած ձեռքը, տար պաղ ջուրին տակ դիր, գուցե հոգիդ ալ հանդարտի, դիւայի՛ն հոգիդ, որ երբեմն միայն քնքշութիւն էր: Տղամա՛րդ, իչխո՛ղ, արեւե՛լք, քսաներո՛րդ դար...:

Պեյրույթի համալսարանական Ուսանողական Միութեան կազմակերպած դասախօսական երեկոներէն մէկն էր:

Բոլորովին պատահաբար, կամ ո՜վ գիտէ, դարերու մագնիսական խարխափումներէ ետք երկու աշխարհ քով—քովի նստեցան: Դասախօսը ակնոցին ապակիները կը սրբէր, ապա ճակատը, դեմքը: Նիւթը՝ մեր երիտասարդութեան որդեգրելիք դիրքն էր ազդային հարցերու նկատմամբ:

—Լաւ վերլուծող մը կ՚երեւի, Վահրա՝մ, — ըսաւ շշուկով տղան:

— Իր բոլոր ըսածներուն համաձայն չեմ,— ըսաւ աղջիկը՝ քիչ մը աւելի բարձր: Այնպէս որ կողքիները լսեցին:

— Ներողութիւն, անո՞ւնդ, — հարցուց տղան:

—Արփինէ:

— Հաճելի է:

— Ձե՞րը:

— Գէորգ:

— Կարելի էր ուրիշ անուն մը գտնել: