Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/65

Այս էջը հաստատված է

Տղան քիչ մը խոժոռեցաւ, մոռացաւ թէ դասախօս մը բեմէն պատգամներ կ՚արձակէր, ու հետաքրքրական գտաւ սա աղջիկը, որ չեր պահեր իր կարծիքները իգական

ամօթխածութեամբ մը: — Ժամը իննին կրնա՞նք սինեմա մը երթալ:

— Այսօր ո՛չ: Վաղը կարելի է:

— Իսկ ինչո՛ւ այսօր ոչ:

— Այսօր եղբօրս հետ տեղ պիտի երթանք:

— Ուրեմն վաղը ժամը 8.30-ԻՆ կը սպասեմ ձեզ օթէլ Ռիվերայի մայթին վրայ:

— Կ՚ըլլայ:

Օթէլ Ռիվիերայի մա՜յթը: Մայթ չեր, եղբայրներ, կրակ մըն էր, բոցարծարծ մը, ուրկէ արդէն կ՚երթեւեկէր Գէորգ քառորդ ժամէ ի վեր, բայց իրեն կը թուէր թէ դար

մը ամբողջ ինքը դարձած է սպասում ու «շան աղջկը» խաբած զինք այնքան անսպասելի...

ժամը ճիչդ 8.30-ին եկաւ Արփիկ:

Պզտիկ ձեռքին սեղմում մը... Ելեկտրական հոսանքը իր շռջանառութիւնը կատարեց ու շիկնող դեմքերը ժպիտի վերածուեցան, այսինքն եւ «եղեւ լոյս»...

— Կարծեցի թէ պիտի չգայիր...

— Բայց ժամը 8.30-ն է:

— Ես շատոնց կը սպասէի:

Չորս ոտքեր կը շարժին: Համաչափ չեն քալուծքները: Արդեն անկշռականութեան մէջ են Արփիկ ու Գէորգ, որովհետեւ լռութեան թեւերը զիրենք կը տանինդէպի ծովափ:

— Աստղերը ինկած են ծովուն մէջ:

— Տափակ է: Միլիոն անգամ կրկնուած:

— Բայց կ՚երեւի շատ դժուարահաճ էք:

— Առանց յոգնակիի: Բայց ինչո՛ւ այդ եզրակացութիւնը: Ես սովորութիւն ունիմ լաւ բաները հաւնելու: Օրինակ, տուած պատկերդ տափակ է, անունդ՝ նոյնպէս. այդ պատճառաւ չեմ կրնար շողոքորթել չհաւնած բաներս: Բայց ահա՛ պեխերիդ գեղեցիկ են, նոյնիսկ՝ սիրուն, թէեւ ակնոց գործածել չեմ սիրեր, բայց պեխերէդ վեր սա ակնոցներդ իսկական լրջութիւն մը տուած են դէմքիդ:

— Նստի՞նք:

— Ինչու չէ:

— Սքանչելի երեկոյ մըն է: Ծովուն ալեակները ձեր աձքերով կը լուսաղարդուին եւ կարծես լուսաւոր ճանապարհ մը կը նախագծեն:—Ես չատոնց կը սպասէի:

Չորս ոտքեր կը շարժին: Համաչափ չեն քալուածքները: Արդեն անչռականեութեան մեջ են Արփիկ ու գեորդ, որեվհետեւ լռութեան զիրոնք կը տանինդեպի ծովափ:

— Աստղերը ինկած են ծովուն մեջ:

— Տափակ է: Միլիօն անգամ կրծնուած:

— Բայց կ՚երեւի չատ դժուարահաճ էք: