Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/67

Այս էջը հաստատված է

—Պառաւ մըն էր: Աշխարհը այդպես չի մտածեր այլեւս: Այնքան սեղմուած կը քայլեն որ կարծէք միասին ծնած են:

—Որսորդ մը իը հրացանը այսքան ամուր չի բռներ:

—Ձիաւոր մը ձիուն թամբին վրայ այսքան պինդ չէ նստիր: Ու կը խնդան երկուքն ալ:

Գէորգ շատ առատաձեռն է այդ օրերուն: Կ՚ուզեր Արփիկը ուրախացնել ամէն օր նորութիւն մը ընձայաբերելով իրեն: Փոքր զարդեղէններ են, երբեմն ոսկիէ, յաճախ՝ արծաթէ պատրաստուած: Մանուկի պես կը հրճուի Արփիկ, բայց չի մոռնար աւելացնել:

—Չեմ սիրեր աւելորդ ծախսերը:

Մինի ժիւփը սովորական երեւոյթ է Պէյրութի մէջ, նոյնպէս՚ մաքսին, վերջերս գրաւուեցան նաեւ տղոց տափատները. ի՜նչ կայ որ աղջիկները կրնան աւելի ազատ շարժել:

Ո՜վ ըսաւ թե աղջիկները ազատ չեն արդէն:

Ու Գէորգ լայնամիտ է բոլոր մոտայիկ հագուստեղէններու համար, որոնց գործածուէիւնը հաճելի է Արփիկին:

—Արփի՛կ, սիրելի՜ս կարօտեցած եմ քեզ:

—Բայց ամէն օր միասին ենք:

—Այո՛, միասին ենք եւ միասին չենք:

—Չարութիւններ կը մտածես:

—Չեղա՜ւ, չեղավ, ուրեմն միասին ըլլալը չարութի՞ւն է…

Մուրացկան մը կ՚ացնի. Գէորգ առատածեռն է անոր հանդեպ: Կարկանդակ ծախողէն կ՚ուզէ անպայման եփած խմորի սկաւառակ մը վերցնել: Բոլորին կ՚ուզէ պոռալ իր երջանկութեան մասին:

Առանձնութեան պահեր ալ կ՚ունենան ընկերներէն մէկուն տան մեջ:

—Ի՜նչու՞ այստեղ եկանք:

—Որպէսզի միասին ըլլանք, սիրելի՜ս:

—Բազամութեան մէջ, փողոցներու մեջ աւելի միասին ենք քան աոանձնութեան:

—Հակառակն է ճիշդը, անո՜յշս:

— Ո՛չ, չե՜մ ուզեր, կը վախնամ քեզմէ: Կը վախնամ կեանքէս:

—Այդ վախը հինէն կու գայ, հիներէ՜ն կու գայ: Մի՜թե ինձմէ կը վախնաս դուն:

—Այո՛, կը վախնամ քեզմէ, երբ մինակ ենք:

—Վա՞ղն ալ պիտի վախնաս, միւս օրն ալ երբ աւելի յաճախ