Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/69

Այս էջը հաստատված է

այն օրերը երբ բառերու քնքշագոյնը կը փնտռէիր զիս բնորոշելու համար: Յիշէ՛ մեր առաջին գիշերը ամաուսնութենէն ալ առաջ, երբ ես իրաւացիօրէն կը վախնայի քեզմէ, կը վախնայի՜, կը կարծէի թէ զիս մորթելու կը պատրաստուիս: Իսկական մորթուիլը ամուսնութենէն ետք կու գար եղեր, չէի գիտեր, չէի՜ գիտեր. այդ օրերուն կատարեալ տգէտ մըն էի կեանքին նկատմամբ, թէեւ կը յիշեմ ըսած ըլլալու թէ մենք առանձին ենք, թէ երկու աշխարհներու միացումը անհնարին է, մենք առանձին աշխարհներ ենք: Նախազգացո՜ւմ, որքան ճիշդ յուշարար մըն ես դուն: Բայց այս մէկը, այս անհանդուրժելիութիւնը անսպասելի էր քու կողմէդ, համալսարկանիդ կողմէն, Գէո՛րգ, կը լսե՞ս. շո՛ւտ, ապտակէ զիս, վտարէ զիս, մեռցուր, մեռցո՛ւր զիս որ իջնէ վարագոյրը այս զգուելի տեսարանին վրայ…

—Եթէ երես ունենայիր, կը մեկնէիր մօրդ տունը: Գնա՝ անվերադարձ: Քեզի հանդէպ սէր չունիմ այլեւս:

Շաբաթ մը իրարու հետ չխօսեցան Գէորգ ու Արփիկ: Տղան կը պառկէր տիւանին վրայ, իսկ աղջիկը՝ մահճկալին:

Երկրորդ շաբաթն ալ փոփոխութիւն մը չբերաւ ամուսիններու կեանքէն ներս:

Արփիկ անճանաչելի ըլլալու աստիճան նիհարցաւ:

«Գոնէ պզտիկս մնար», կ՚ըսէր մտովի, «մնար, չանսայի այս գազանին աղաչանքներուն եւ չդիմէի արհեստական վիժումի. գոնէ: Ո՛վ գիտէ ինչ տեսակ մէկը կ՚ըլլար, գուցէ աղջիկ կ՚ըլլար, գուցէ տղայ, երկու պարագային ալ կը սիրէի այդ այժմ անծանօթ յաւիտեան անծանօթին ուղարկուած զաւակս, կը սեղմէի կուրծքիս, վիշտերս իրեն կը պատմէի, ու ինք թէեւ առանց հասկնալու չար իր պապային ըրածները, բարի աչքերով կը հետեւէր ինծի, թաթիկներ կը բոլորէր վիզիս շուրջ ու— մամի՛, մի՝ լար, կ՚ըսէր, մի՛ լար, ինչո՞ւ կու լաս: Հաւանաբար այդ ժամանակ ալ լեզուս յառաջ չերթար որ կարենալի ըսել, ձագուկ չար հայրիկն է պատճառը այս իրողութեան»:

Հետագայ օրերը կարկտանով անցան: Օրերը կարկտան կը բռնե՞ն… Գէորգ դարձաւ առաւել խիստ, կնոջը ո՛չ մէկ դահեկան տուաւ, ո՛չ մէկ նոր հագուստ գնեց, սեղանին վրայ պտուղին լաւը ինքը կերաւ, կերակուրին լաւը իրեն վերապահեց, արգիլեց Արփիկին բարեկամներու այցելութեան երթալ: Մէկ խօսքով իր զոյգ ափերով ուզեց Արփիկին արեւը խափանել:

—Գէո՛րգ, ձեռքերով միայն քու արեւդ կը խափանես: Այս