Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/71

Այս էջը հաստատված է

Ի վերջոյ հասկցաւ թէ հեռացող քայլեր կային, զարնուող դուռ մը կար...

Գէորգ ելաւ ոտքի: Անսպասելի շարժումով մը բացաւ դուռը: Ի՞նչ պատահած էր իրեն: Երա՞զ էր կատարուածը: Վերադարձաւ: Դուռը բաց պահեց. գուցէ մէկն ու մեկը կու գայ, մէկն ու մէկը, գուցէ Արփիկը կը վերադառնայ, — մտածեց ու ինկաւ անկողինին վրայ:

Արփիկը ճամբան կը մտածէր, միթե սէրը մը մեռնի՞, միթէ կը մեռնի՞. իրա՞ւ մեռելները յարութիւն չեն առներ, իրա՞ւ չեն առներ, հապա ինչո՚ւ մեր պապերը հավատացին յարալէզներու, ինքը ալ կը հաւատա՞ր յարալէզներուն...

Գինոովութիւնը կ՚անցնի հնձանի գինի խմողներուն...

Դամասկոս, Յունիս, 1972