Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/74

Այս էջը հաստատված է

ՄԱՅՐՍ

—Բժիշկ ես, ոտքերս բուժէ:

Կը ժպտիմ:

— Կը ժպտիս, այո՛, հիմա պիտի ըսես դարձյալ թէ, մա՛յր, տարիքը, այսինքն տարիները իրենց խօսքը կ՚րնաս: Սա ոտքս չկըրցար բուժել:

— Որքան ճիշդ կ՚ըսես, մայր, այո՛, տարիները իրենց խօսքն կ՚ըսեն մազերուդ սպիտակութենէն, ճակատիդ կնճիռներէն, աչքերուդ մարմնող լոյէն, ոտքերուտ ցաւէն: Ի՜նչ ընե բժիշկ տղադ քեզի համար: Ըսէ՛, ի՛նչ ընէ երբ անվերադարձ անցնող տարիները անվերականգնելի աւեր մը Թողած են մարմնիդ բոլոր մասերուն վըրայ: Ի՛նչ ընէ արդեօք խաբէ՞ քեզ դեղերով, արդօք օրօրէ՞ քեզ ոին յոյսերով, արդօք...

— Լաւ, լաւ, զիս լեզուկող մի՛ ըներ. Հասկացայ, այս ցաւը գերեզմանը կը բուժէ: Դուն ան ըսէ՝ ե՞րբ պիտի գրես մօրդ մասին. ան րսէ, ե՞րբ պիտի գրես: Ամէն բանի ժամանակ կը գտնես, ամէն տեղ վազես. վազեցիր Փարիզ, Լոնդոն, Աթէնք, Սոֆիա, վազեցիր մինչեւ Երեվան ու Վան. վախէ՜, վազէ՜, ես քեզ կարծես վազել