Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/76

Այս էջը հաստատված է

ոսկորներուս յետին բջիջը ցնցող անհաւատարմութիւն մը, որուն մասին միայն ոը իմացայ. ու ահա՛ ամէն կողմէ «ներէ» կ՚ըսեն ինծի: Լա՝ւ ներեմ, ներեմ, բայց երբ դիմացին ոչինչ կը խոստովանի, դուն կամ ոելէ մէկը, որ «ներէ» կ՝ըսեք, ըսե՛ք՝ ի՛նչը ներեմ, ներեմ, բայց երբ դիմացինը ոչինչ կը խոստովանի, դուն կամ ոեւէ մէկը որ «ներէ» կ՚ըսէք՝, ի՚նչը ներեմ, ի՚նչպէս ներեմ, երբ ան չ՚ըսեր թէ յանցաւոր է:

Ուրեմն իմ ներելս ապարդիւն է, ջուրի վրայ քաշուած գիծ է, օդին վրայ նետուած ստորագրութիւն:

— Ես տխուր եմ: Անհունօրէն տխուր: «Ներէ» ըսելու համար ալ ահաւոր ոյժ պէտք է: Ես այդ ոյժը չունիմ:

ՄԻՏՔՍ ՀԱՆԳԻՍՏ Է

— Տղա՚ք, միտքս հանգիստ է: Գլուխս որ դնեմ բարձիս, երեք րոպէ ետք կրնամ քնանալ:

— Ի՞նչ պատահած է որ:

— Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ «Մշակոյթ» պարբերագիրք: Ամէն մէկէն քանի մը տասնեակ սպառած եմ եւ բոլորին հաշիւները յանձնած:

— Դուն վաճառական չես կրնար ըլլալ. յայտնի է:

— Ինչո՞ւ, եղբայր:

— Ինչու առանջին ըսածիդ մէջն է: Վաճառականը որեւէ ժամանակ չի կրնար իր հաշիւները մաքրած ըլլալ: Միշտ հաշիւ մը կ՚ունենայ: Վաճառականի մը, որ իր գլուխը բարձին դնէ ու երեք րոպէ ետք քնանայ: Պարզ է չէ՞: հանգիստ քնանալը արդէն վաճառականին համար անկում մըն է:

ԱՐԹՆԱՑՈՒՄ

— Նոր տարուան համար շնորհաւորական այս քարթերը, — բացիկները պիտի ըսէին Հայաստանցիները, — սքանչելի են: Այս մէկը մանրանկարչութիւն է, սա միւսները հայրենական տեսարաններ. ասոնք ալ վերատպութիւններ հայրենի կերպարուեստադէտներու գործերէն: Ապրի՚ք, ուշ արթնցաք բայց... արթնցա՚ք: