Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/77

Այս էջը հաստատված է

— Մենք այսքան քնանալու իրաւունք չունէինք: Մեր ազգին գլխուն եկածները մեզ չատո՜նց պետք էր արթնցուցած ըլլային: Այս բացիկներն ալ գեղեցիկ են թէեւ, եկող Նոր Տարին շնորհաւորելու համար, բայց դարձեալ ինչ կրնան ընել մեր փրկութեան իմաստով. ըսէ, ի՚նչ կրնան ընել:

Հա՚, եթէ կ՚ուզես, եթե այնքան հաւնեցար այս հայկական բացիկները, ուր կայ մանրանկաչութիւն եւ հայրենիք, եկո՚ւր լաւ վաճառքը մը կազմակերպենք:

— Եղբայր, բոլորիդ միահամուռ կարծիքը այն է որ վաճառական չեմ կրնար ըլլալ ես: Այս առաջարկդ հակասության մեջ չէ՞ քիչ առաջ յայտնած կարծիքիդ հետ:

ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԸ

— Քույրս, ցուցափեխկին առջեւէն հեռացիր:

Երկու օրիորդներ, մանկական զգեստերու վաճառատան մը առջեւ կեցած, թուղթի մը վրայ կ՚օրինակէին մանկական նոր հագուստներու տեսակները:

«Օրիորդներ» ըսի, գուցէ կը սխալէի: Թերեւս երիտասարդ մայրեր էին, քիչ մըն ալ տնտեսվար մայրեր, որոնք հագուստին օրինակը առնելով, իրենց տան մէջ, իրենց ձեռքերով, զաւակներուն համար կ՚ուզէին կարել սիրուն հագուստներ:

Բայց վաճառատան տէրը ըսաւ.

— Չհասկացա՞ք, անուշիկ քաղաքացիներ, չհասկացա՞ք որ ձեր ըրածը գողութիւն է: Մենք այս օրինակները ձեւելու, գծագրելու, կարելու համար դրամ դրած ենք: Իսկ դուք ձրի՜ կը վերցնէք-կ՚երթաք: Մի՚ նկարէք իմ օրինակներս. հասկանալի՞ է:

Գողութիւնը տեսակ-տեսակ կ՚ըլլայ, ձեր ըրածը ալ գողութիւն է: Բայց եթե կ՚ուզէք այս սիրուն հագուստնէրեն ունենալ, համեցէք, ձեզի համար մասնաւոր զեղչ ալ կընեմ. բայց բոլորովին ձրի՜...այդ չեղաւ:

«Օրիորդ»ները կարմրեցան ու հեռացան...իսկ վաճառականը մտածեց.

— Այս է մեր վիճակը: Կը կարծեն թէ ոսկի կը դիզեն: Մենք կ՚աշխատինք, ուրիշները կը գողանան: Հազիւ նորաձեւ հագուստ մը հնարած կ՚ըլլանք, երբ հրապարակը կ՚ողողուի հագուստներու