Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/79

Այս էջը հաստատված է

Յանկարծ, երկու աղջնակներ անցան մօտէս: Հազիվւ կային 8—9 տարեկան: Ամէն մէկը ունէր ջութակ մը ձեռքին:

—Աղջնակնե՚ր ըսի, աղջնակնե՚ր, ես ուխտաւոր եմ, ուխտի եկած եմ Հայաստան, ձեր ջութակները տեսայ ու միտքս ինկաւ Հալէպի մեջ որբ մնացած ջութակս: Եկէք հինգ րոպէով բարձրանանք հիւրանոցի իմ սենեակս ու ձեզի մէկ—երկու յուշանուէրներ տամ:

Երկուքն ալ տատամսեցան: Յայտնօրէն չէին ուզեր գալ:

Ես պնդեցի, աղաչեցի ի վերջոյ: Չէ՞ որ բոլորս ալ Հայեր էինք, թէեւ ես սիւրիահայ, չէ՞ որ երեքս ալ կը սիրէինք մեր ջութակները, թէեւ իմ ջութակս որբ էր... ու Հալէպի մեջ:

Եկան:

Խնդրեցի որ նուագեն:

Մինչ իրենք կը նուագէին, կը լեցուէին իմ աչքերս պանդխտուեանս տարիներուն արցունքներովը: Այդ իննամեայ փոքրիկները ինձմէ լավ կը նուագէին, մինչ ես իննամեայ երեխաներ ունիմ:

Անոնց ձեռքերուն մէջ հայրենիքը դրած էր երգի աղեղը, իսկ պանդխտութիւնը մեզ մտրակած էր որ դառնայինք հացի պայքարի զոհեր:

Աչքերուս առջեւ են այդ ջութակահարները: Անոնք ապագայ Հայաստանն են:

—Ի՚նչ պիտի ընեմ այս խանութը, փոշիները մաքրէ կ՚ըսես, պանդխտութեան փոշին չի մաքրուիր. քեզի կ՚ըսեմ չի՛ մաքրուիր...

— Կը մաքրուի':

— Հասկցայ, կը մաքրուի, ես ալ այդ մասին կը մտածեմ ու չեմ մարեր սա խանութ. կը մտածեմ երախաներս չմեծցած, չհասկցած թէ պանդխտութիւնը ինչ ըսելէ, երթամ Հայրենիք:

ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ

— Տղաս բանակ պիտի տանին ու մի՚ լար, կ՚ըսէք, բժի՚շկ, ի՜նչպես չլամ: Հայրերը կարծր սիրտ կունենան, մայր ըլլալու է մէկը որ հասկնայ թէ ի'նչ կը նշանակէ սրտի հատորը բանակ ղրկել, անքուն գիչերներու գումարը բանակ ղրկել: Դուք տեսա՞ծ էք բարուրէն բարձրացող մէզի գոլոշին ու անոյշ, անո՜յշ, լացը մանկիկներուն... այդ մանկիկս բանակ պիտի տանին ի՜նչպես չլամ: