Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Այս էջը հաստատված է

Անդրանիկ փաշի վերադարձը
Հայաստան



Նուէր` Լ. Կ. Լիվլէճեանին


Ձեռքին՝ ցանց պայուսակ մը։ Իջաւ աստիճաններէն: Կինը կանգնած էր դրան սեմին՝ կը ժպտէր եւ կը կրկնէր.

— Չուշանաս, միայն միրգը եւ մսեղեն բեր, խմիչքի պէտք չկայ. տունը ընտիր քունեաք ունինք:

Օրը կիրակի էր: Երեւանեան Կիրակի մը: Տաւրոս ձեռքին ցանց մը կը փութար դէպի մայրաքաղաքի Ծածկած շուկան: Ի՜նչ լաւ էր կնոջը ժպիտը, «չուշանա՛ս» ըսաւ, եւ Կիրակին կնոջը ժպիտով իրապէս աւելի պայծառացաւ:

Կարիք կա՞յ ըսելու որ ներքին հրճուանքը դարձաւ ելեկտրական հոսանքը եւ եռակի արագութեան մղեց Տաւրոսին ոտքերը, եւ ինչպէս Երեւվանցին պիտի ըսէր, մեր հերոսը սկսաւ ընթանալ սաժէնանոց քայլելով: Այսպես, ուր որ է պիտի հասնէր շուկայ՝ քանի մը րոպէէն:

Վաղը առաւօտյան արեւը Լենինեան պողոտային ծառերը դաճած էր մայթերուն: Լույսի եւ ստուերի ի՜նչ աղուոր խաղ: Տաւրոս հասաւ այն տունը, ուր իր կյանքի վերջին տարիները անցուցած էր Չարենց: Ցուցաքարին վրայ այդպես արձանագրուած էր:

Միտքը հոսեցաւ դեպի անցեալ, այսինքն դեպի 37-ական թւականները, եւ ո՜վ գիտէ՝ ո՛ւր պիտի հասներ, ի՛նչ եզրահանումներ