Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/84

Այս էջը հաստատված է

ծաղիկը Ամերիկա չհասնի... այստեղերէն Հայաստանը մօտ է, կորսուածները մօտ են, զանոնք գտնելը աւելի դիւրին է...

—Ինչ գիտնամ, — վերջէն մռլտաց դերձակ Յակոբը, — ի՜նչ գիտնամ, ես գիտեմ որ առաջնորդը պէտք է աոաջնորդէ:

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻԻՆ ՉՈՒՆԻՆՔ

—Մենք բանաստեղծութիւն չունինք:

—Ինչպէս թէ:

—Չունի՛նք, ըսի, հայերէն չե՞ս հասկնար, չունի՛նք, հայ կ՚ըսենք, Հայաստան կ՚ըսենք, Մասիս սարը մերն էր՝ կ՚ըսենք. կարծես թէ ալ վազ անցեր ենք ու կը կարծենք թէ բանաստեղծութիւն ունինք:

—Մասիսն ալ մերն է, բանաստեղծութիւն ալ ունինք:

—Ռապինտրանաթ թակորը կարդալէս ես հասկցայ թէ մենք բանաստեղծութիւն չունինք:

—Հնդկաստանը Հիմալայեան ունի, բայց մենք ալ Արարատ ունինք:

Եթէ քու Թակորդ ալ քեզի պէս մտածէր իր ժամանակին, Թակոր չէր դառնար, այլ կը մնար Ռապինտրանադ. այսինքն եթէ մտածէր թէ Տանթէ մը ապրած է իրմէ առաջ, ալ ինո՛ւ գրէր ինք, եթէ Շէյքսփիր մը տուած էր Անգլիան, ինք ինչո՝ւ գրէր:

Ես ալ երբեմն կը խորհիմ, ալ ինչո՛ւ Շոլոխովներ պարապ տեղը գրիչ կը չարժեն:

—Իմ ըսածս այդ չէր, այլ այն թէ մենք բանասեղծութիւն չունինք:

—Կենդանիներուն մէջ ալ կան յամառներ, բայց որքան ինծի յայտնի է, բանական արարածի մը հետ կը խօսիմ:

Նախակրթարանի մէջ չե՞ս սորված մեր հեթանոսօրէն սիրելի «Երկնէր Երկին»ը, Վահագնի ծնունդր այսինքն, ուրեմն Նարեկացի չե՞ս կարդացած, Քուչակին մասին չե՞ս լսած, Սայեաթ Նովան կ՚երեւի մերը չէ, Վարուժանը չէ ծնած, Դուրեանը չէ վիրաւորած Աստուծոյ կողը, Մեծարենցը չէ եղած «Սպասող հիւղ մը դաշտի ճամրու մը վրան», Չարենցը չէ բերած փոթորկալի շունչ. ատոր համար Փապլոյ Ներուտան աչքիդ շատ աւելի մեծ է քան մեր Չարենցը,