Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/86

Այս էջը հաստատված է

հրաժարիլ է Հայութենէ: Իսկ հայ մնալ որոշելը եթէ ազդայնԱմոլութԻւն է, նոյնքան ազԳայնամոլութիւն Է ԱնԳլիացի մնալը, Ֆրանսիացի մնալը, Չինացի մնալը, Ռուս մնալը, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն...

—Հարցը մեծցուց՜ի...

—Հարցը յստակացուցի:

Քսաներեք տարեկան երիտասարդ մըն էր ինծի խօսողը:

ՀԱԻԱՏՔ

— Ես կը հաւատամ Արեւելեան Միութեան:

— Ես կը հաւատամ Արեւմտեան Միութեան:

— Ես կը հաւատան Հիւսիսային Միութեան:

— Ես կը Հաւատամ Հարաւային Միութեան:

—Ես

Հայկական

Միութեան կը հաւատա՛մ:

Հինգ երիտասարդ Հայեր էին խօսողները:

ՄՏԱԾՈՂ ՉԿԱՅ...

—Կանանց մասին մտածող չկայ հայոց մէջ:

—Ճիչդ չէք, երիտասա՛րդ տիկին, եթէ այդպէս ըլլար, այս երիտասարը չէր ամուսնանար ձեզի հետ ասկէ երեք ամիս առաջ:

—Զիս սխալ մի հասկնաք: Կ՞ուզէի ըսել թէ հայ մամուլը կանանց հարցերով, հայ կիներու հարցերով հաղիւ թէ կը զբաղի:

—Դիւրին է զրպարտել հայերէն թերթերը: «Զարթօնք»ը յատուկ էջ ունի, «Արարատ»ը կը գրէ, «Երիտասարդ Հայ»ը կը գրէ, «Ազդակ»ը յատուկ էջ ունի, «Այգ»ը նույնպէս, բոլոր հայերէն թերթերը վերջապէս:

—Վրաս գրէ եղածները:

— Հա՜, իրաւունք ունիք, մինի ժիւփին գովեստը պետք է ըլլայ, մաքսիին գովեստը, հիփփիներու հարցերէն Հայերս ետ մնացած ենք. Արեւելքի մէջ ոչ Լոնտոնի Թրաֆալկար Սքուէրը կայ, ուր հաւաքուինք, ոչ ալ Փարիզի Սէն գետի ափունքները ուր ոչխարի հօտերու պէս կը պառկին, կը խմեն, կ՝ուտեն ու իրենց սեռական ու բնական պէտքերը կը հոգան հիփփիները...