Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/87

Այս էջը հաստատված է

ԲԱՐԵԻ

— Բարեւ:

—Բարեւ:

—Ինչպէ՞ս էք:

— Հակառակ օդը ամպոտ ըլլալուն տխուր չեմ:

— Հասկնալի է: Երբ տխրութեան պատճառները քեզմէ դուրս են, կարելի է յաղթահարել եւ ըլլալ ուրախ: Ինչպես այս պարագային երբ օդը ամպոտ է: Բայց երբ ներքին պատճառներ ունիս տխրութեան, այսինքն երբ ամպերը հոգիիդ մէջ են, այն ատեն դժուար է տխուր չըլլալ: Ուրախ մարդը ամպ չի տեսներ...

—Ներքին եւ արտաքին տխրութիւն: Այս հասկացողութիւնները մեզ շատ հեռուները կրնան տանիլ: Չէ՞ որ ներսդ արտաքին աշխարհի հայելին է ու կը ցոլանան բոլոր ամպերն ու ճառագայթները: Առանց շրջապատի ներաշխարհ կոչուածն ալ դժուար թէ կազմաւորուէր եւ դուռ բանար դարեր չվերջացող վէճերու:

Ամէն պարագայի, բարեկամ, ես ուրախ եմ հակառակ երկինքը ամպոտ ըլլալուն:

ԱԹՈՌ

—Զավէ՛ն, քանի՜ տարիէ ի վեր աթոռներ կը պատրաստես: Եթէ համրելու ըլանք, քանի՞ մարդ ուրախացուցած ես:

—Աթոռներ շատ պատրաստած եմ: Բայց դժուար է ըսել թէ մարդիկ ուրախացուցած եմ: Յաճախ յաճախորդը կը վիճի, կը սարկկարկէ դրամին համար, սակարկածէն պակաս վճարէլ կ՚ուզէ, նոյնիսկ իսկ երբ գործը ժամանակին լմնցուցած եմ: Իսկ անկէ ետք, է՛հ, աթոռ է, առնողը կը նըստի առանց ուրախութեան մասին մտածելու:

—Բայց ես լսած եմ շատ անգամ որ մարդիկ գովքը կը հիւսեն իրենց ունեցած հանգստաւէտ աթոռներուն:

—Տեսակ մը ցուցամոլութիւն ատիկա: Ուրախութիւնն ալ յարաբերական է: Կրնայ մարդ բազմոցի վրայ երկարիլ եւ աւելի ուրախ ըլլալ քան երբ նստէր լաւագոյն բազկաթոռի մը վրայ:

—Այո՛, հօրաքոյրս մեր դիւղին բազմաոցները կ՚երազէ: Լուացքի մեքենան կ՚անիծէ, ղարմանալիօրէն աթարին ծուխին համը++

+

+ +

++