Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/88

Այս էջը հաստատված է

յիշելով, պիւէակազէն կը վախնայ, կ՝երազէ այն օրերը երբ փայտածուխի մարմանդ կրակին վրայ անմահական սուրճ կը պատրաստէր իր հօր, այսինքն իմ մեծ-հօրս համար, զոր չեմ ճանաչցած: Այդ սուրճին համը ուրիչ է, կ՝ըսէ, ուրի՜չ:

—Բժի՛շկ, քեզի բան մը պիտի ըսեմ:

-Ըսէ՛, Զաւէ՛ն, կը յիշե՞ս մեր նախակրթարանի օրերը: Մովսէսը մանաւանդ որ սքանչելի կը նուագէր շրթնահարմոն: Ապաշխարած է: Քրիստոսի հետ նշանուած եմ, կ՚ըսէ ամէն անգամ որ հանդիպիմ իրեն եւ հարցնեմ թէ ե՛րբ պիտի ամուսնանայ:

—Հօրաքրոջս պէս է:

—Ճիշդ հակառակն է: Հօրքաոյրդ կորսուած երջանկութիւն մը կ՚երազէ: Մովսէսը երջանիկ է:

—Երկունքն ալ երազներով երջանիկ են, Զաւէ՛ն:

—Առանց երազի ապրիլը դժուար է, չէ՞:

—Անկարելի է: Երազը պէտք է կեանքին, քուն թէ արթուն:

Երազը կեանքի առաջնորդն է, եթէ կ՚ուզես:

—Բան մը պիտի ըսեմ:

—Ըսէ՛:

—Սուրճ մը խմենք:

—Խմենք:

—Ըսելիք ունիմ:

—Կը լսեմ:

—Խորհեցայ որ առանց սուրճի չեմ կրնար խօսիլ: Սուրճը պատրուակ էր: Մենք ընկերներ ենք: Դուն բժիշկ ես ու ես՝ ատաղձագործ: Որքա՜ն կռուած ենք մանուկ ժամանակ: Ահա՝ մանկական բան մը պիտի ըսեմ քեզի, բայց վախենամ որ ծիծաղիս վրաս: Աւելի ճիշդ, կը փոքրացնեմ ըսելիքս որ եթէ մեղաւոր սեպես զիս, փոքր մեղաւոր մը ըլլամ:

—Յառաջաբանդ սքանչելի էր:

—Երկու ամիսէ ի վեր նամակ մը դրած եմ Երեւան ու կը վախնամ ղրկելու:

—Ինչո՞ւ:

—Կը վախնամ որ առաջարկս ընդունելի չգտնեն:

—Ի՞նչ է առաջարկդ:

—Եղբա՛յր, Հայաստանի մէջ հազար ու մէկ կոթողներ կը կառուցուին, հայրենական պատերազմի հերոսներուն համար, անծանօթ զինուորին համար, մեր ֆետայիներուն համար, Եղեռնի