Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/91

Այս էջը հաստատված է

…մտքէն: Եթէ հասարակութենէն չամչնան, հրապարակաւ ալ կը յայտնեն իրենց կարծիքը:

—Համը հանեցիր:

—Համը չհանեցի: Ինչո՛ւ հայ ծերը քայլ չի պահեր կեանքին հետ: Հին սերունդն ալ պետք է հասկնայ մինիէն ու մաքսիէն, պէտք է հասկնայ երաժշտութենէն ու մեքենագիտութենէն, խօսի նկարչութեան եւ գունաւոր մետաղագործութեան մասին:

—Օ՜ հօ՜, ինչե՜ր, ինչեր, ա՜լ տղայ, այդ բոլոր ըսածներուդ մասին դուն գիտե՞ս որ մեր հին սերունդէն կը սպասես:

Մէկը ու իր պահանջքներուն չափը չի գիտեր, ալ ի՛նչ սպասենք իրմէ:

Առաջարկ մը եւս ընէիր եւ վերացնէիր հարցը:

—Ի՛նչ առաջարկ:

—Առաջարկէիր որ մեր հին սերունդը զբաղումէր արարչագործութեամբ: Ծօ՜, հէ՛ր օրնհած, միայն այդ մէկը մնաց. եւ որոնցմէ՞ կը սպասես վերի ըսածներդ. ջարդի սերունդէն, հող ու տուն, երկիր կորսնցուցած, հայր ու մայր կորսնցուցած սերունդէն կը սպասես այդ բոլորը: Կարծես անոնք ջարդ չտեսան, այլ շրջեցան ցուցահանդեսներու մեջ, կարծես անօթի ու ծարաւ անապատի չափելու տեղ շարունակ Պեթհովէնի համանուագները մտիկ կ՚ընէին: Անաստուա՚ծ, այսքան պահանջքկը կը դրուի՞:

—Տգէտ է մեր հին սերունդը:

—Ա՛լ հերիք: Ես ալ գիտեմ որ յաւիտենական հացր է սերունդներու պայքարը, հինի եւ նորի պայքարը, բայց թե քու անխիղճ մօտեցումդ երբեք չ՚արդարանար, այդ մասին ոչ մէկ կասկած:

Վիրաւոր են հիները, մինչեւ իրենց հոգիներուն խորը, վիրաւոր: Դուն որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչ հասկցիր զիրենք, պարտաւոր ես հասկնալ զիրենք:

Թող երկրին մեջ ըլլայինք, ապահով կեանքով ապրէինք, բնական կեանքով ապրէնք, յետոյ լեզող երկարէիր, բարեկա՛մ: Մեր ժողովուրդը տասնեակ սերունդներով ապրած է անբնականոն կեանք մը: Այդ կեանքին համար հո՛ղ պէտք է, ապահովութի՛ւն պէտք է, խաղաղութի՛ւն պետք է, դուն սփիւռքի մասին հասկացողութիւն ալ չունիս, թէեւ այստեղ ծնած ես: