Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/93

Այս էջը հաստատված է

հիւսուին անուանս շուրջ, ղոր կարելի է մոռացութեան քամիին յանձնել միայն հեռանալով այս քաղաքէն:

Համաձայն չես, կ՚երեւի, ըսածիս:

—Համաձայն եմ, առանց ուզելու:

ՍԿԶԲՈՒՆՔ

—Սկզբունք չունեցող մարդուն հետ չեմ ուզեր խօսիլ: Այդ ալ ըսեմ որ սկզբունքը պէտք է կանգնած ըլլայ հողի վրայ, այլ ո՛չ երկինքէն ըլլայ առկախ: Բոլոր սկզբունքները հողին կապուած պէտք է ըլլան: Մեր հողը Հայաստանն է:

—Այս անգամ համաձայն եմ ըսածիդ: Բայց կարեւոր է իմանալ թէ ի՝նչ կը հասկնաս Հայաստան ըսելով:

—Քիչ մնաց զարմանքի ճիչ արձակէի համաձայնելուդ համար, բայց շարունակեցիր խօսքդ:

Հայաստան ըսելով անշուշտ մենէն առաջ կը հասկնամ Սովետական Հայաստանը, եթէ կ՚ուզես՝ Խորհրդային:

—Այդ չի բաւեր:

—Այնպէս կը խօսիս կարծես դուն ըլլաս միակ հայրենասէրը, Հայաստանի ընդարձակուիլը միակ ուզողը:

Բարեկա՛մ, կանխիկը այսօրուանն է: Նախ այդ պէտք է ճանչնանք. բայց ինչ որ ուրիշը պարտական է մեզի, առ այժմ չ՚ուզեր տալ, առնելիք չունիս, աւելի ճիշդը՝ «ես տալիք չունիմ» կ՚ըսէ, ատոր ի՞նչ կ՚ըսես:

—Պիտի առնենք:

—Պոռալով հող չես կրնար առնել: Հող առնելու համար հող պիտի պատրաստենք եւ այդ ալ առանց աղմուկի, առանց ցուցադրութեան, առանց մէկդ տասը ցոյց տալու, առանց չըդրածդ ըրած ցոյց տալու, երազիդ մէջ տեսածդ որպէս իրողութիւն՝ առաւօտուն հասնողին պատմելու:

Վերջապէս ես սկզբունք ունեցող մարդը կը սիրեմ: Սկզբունքը ամենէն առաջ ինծի համար հողն: Այդ հողը մեզի համար առ այժմ Փոքր Հայաստան մըն է, որ կը կոչուի Խորհրդային:

—Ես սկզբունքիդ լինելութեան կը հաւատամ:

—Հաւատալը քիչ է. բոլորս պարտաւոր ենք ձգտիլ: