Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/95

Այս էջը հաստատված է

Չեմ սիրեր սեւ օրը ու միշտ ըսած եմ, հեռո՛ւ ինձմէ, սե՛ւ օր, հեռո՛ւ. իմ ժողովուրդէս, սեւ օ՛ր, հեռո՛ւ բոլոր մարդոցմէն, սե՛ւ օր: Իսկ երբ անպայման կ՚ուզես գալ, արեւս խափանել, եկուրէ նայինք, գալդ բարի, ժայռեղէն իմ կամքս փորձել կ՚ուզես, կ՚երեւի. ես փակասուն չոմ, զէյթունցի եմ ես, եկուր, պիտի ճակատիմ քեզի դէմ իչպէս մեր սարերը դարերով ճակատած են բուքին ու բորանին դէմ. եկուր, սե՛ւ օր, բռէ օձիքէս, իմ կոշտ մատներովս ես ալ քու կոկորդէդ պիտիբռնեմ:

Եթէ մենք սեւ օրէն վախցող ըլլայինք, եթէ ոչ զէնքը, գէթ օտարութիւնը մեզ խեղդած կ՚ըլլար: Բայց ը տեսնէք, կը տեսնէք ահա սեւ օրուան կոկորդը կը շարունակենք սեղմել Հալէպի այս պատէզին մէջ:

Կարծես բեմբասացը բեմին վրայ նստեցաւ փոխանակ վար իջնելու, որովհետեւ ինք սովոր էր արծիւի նման ճախրել, ինք Արծուեբոյնի զաւակ էր:

ԹՂԹԱԽԱՂ

Այս մկը շատ կը սիրէ թուղթ խաղալ: Ճարպիկ է: Նշան դրած կ՚ըլլայ թուղթերուն վրայ: Թուղթեր կը փախցնէ: Կռիի տեղի կու տայ երբեմն եւ հանդարտ լճակին վրայ փոթորիկ կը պայթեցնէ:

—Ես չհողե՞մ ձեր գլուխը: Դուք ալ ճարպիկութիւն ըրէք:

—Այդ ճարպիկութիւն չէ՛. գողութի՛ւն է:

—Ինչ գողութիւն: Դուք լալու վարժուած էք: Թուրքին ալ գող ըսիք: Ամբողջ մեր երկիրը առաւ: Ոյժ գործադրեցէք, մի՛ տաք: Պարտուողն է յանցւորը, տակաւին չհասկացա՞ք: Ես հասկցած եմ այդ բանը եւ ձեզի մէկիկ-մէկիկ պիտի յաղթիմ: Ինչ կ՚ուզէք ըսէ՛ք, ձեր աչքերը բացէք:

Այս մեր երիտասարդ բարեկամին ալ կ՚ուզեմ երկու խօսք ըսել ու երկու ականջօղի պէս պահէ միտքին մէջ, պահէ, յաւիտեան պահէ:

Երիտասարդ, մի՛ հաւատար արտերու բերիութեան մինչեւ որ հունձքը կալին մէջ չհաւաքէք, մի՛ հաւատաք կալին մեծութեան մինչեւ որ տոպրակները չլեցուին, մի՛ հաւատաք հարազատ ձեր զաւակին մինչեւ որ հարս մը իր ծոցը չմտնէ: