Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/713

Այս էջը սրբագրված է

օր առաջ Պ. Միլըրան Երեսփոխ, ժողովին մէջ յայտարարեց բացէ ի բաց, թէ չպիտի մնան, որոշած են մեկնիլ: Յայտնի է, թէ որոշ քաղաքականութիւն մը ունին այդ մասին: Նոյնիսկ մեր բարեկամները, ինչպէս օրինակի համար Պ. Վիքթոր Պեռար՝ համամիտ չեն, որ մնան: Բայց մէջտեղը քրիստոնեայ բնակչութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւն մը կայ, զոր ո չ ոք կ՚ուրանայ: Այդ հիման վրայ է, որ դիմում կրնանք ընել:

Տիար Թումայեան. Վեհ. Կաթողիկոսը արդեօք կը հաճի՞ յայտնել, թէ ի՞նչ պատասխան կու տային իր դիմումներուն:

Տիար Տ. Սահակ Կաթողիկոս. Եթէ իրենց պատասխաններում նայինք՝ բոլորովին շփոթութեան մէջ կը մնանք: Որովհետեւ որոշ բան չեն ըսեր: 4-5 օր առաջ Պ. Քամէրէրի մօտն էի, ըսաւ որ աո այժմ չպիտի պարպեն Ատանան, քաղաքական պատճառներով: Հարցուցի, թէ այդ պատճառները միշտ գոյութիւն պիտի ունենա՞ն: Պատասխանեց, որ ինք ալ բան չգիտեր: Երէկ՝ ինչպէս Տիար Պզտիկեան պատմեց, Գնդապետ Նորման յայտնեց, թէ Ատանան պարպելու որոշում տրուած է: Սովորաբար' այսպէս հակասական բաներ են մեզի տրուած պատասխանները:

Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան. Դեռ մօտերս Կիլիկիան պարպելու մտածում չունէին: Վերջին անգամ երբ Պ. Պեռարի գացինք Պ. Պ. Ահարոնեանի, Ֆնտգլեանի եւ Սինապեանի հետ,- Փաշան անհանգիստ էր այդ օրը,- Պ. Պեռար ըսաւ մեզի, թէ իր հարցման վրայ Պ. Միլըրան բացարձակ պատասխան տուած էր, որ չպիտի ելլեն Կիլիկիայէն:

Տիար Ռ. Որբերեան. Յայտնի եղաւ, որ ֆրանսական կառավարոլթեան մօտ դիմումներ եղեր են թէ՜ Պատուիրակութեան եւ թե՜ Վեհ. Կաթողիկոսին կողմէ: Նոյն դիմումները եղեր են նաեւ անգլիական կառավարութեան մօտ: Արդիւնքը մէջտեղն է, ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ Դաշնակիցներէն խէր չկայ: Բայց այդեօք Եւրոպայի երկնքին տակ չկա՞յ ուրիշ պետութիւն մը, որան կարելի ըլլայ դիմել: Իբր օրինակ կը յիշեմ Սպանիան: Գիտէք անշուշտ, որ պատերազմի միջոցին՝ գերիներու մասին այնքան կոչեր եւ դիմումներ եղան Սպանիոյ թագաւորին: Ն. Վեհափառութիւնը միշտ միջոցը գտաւ զանոնք պաշտպանելու: Կարելի չէ՞, որ Կիլիկիոյ մասին ալ դիմում ընենք Սպանիոյ թագատրին:

Տիար Ա. Չօպանեան. Համաձայն եմ այս առաջարկին, ո՛չ միայն Սպանիոյ, այլ բոլոր չէզոք պետութեանց մօտ դիմումներ պէտք է ընել, նաեւ Ս. Պապին ալ, որքան ալ անյոյս ըլլանք այս մասին: Որովհետեւ, դժբախտաբար, չենք կրնար խոշոր ակնկալութիւններ դնել այդ դիմումներուն վրայ: Օրինակ մը յիշեմ: Պատերազմին սկիզբը՝ երբ լուր առնուեցաւ, թէ թուրք կառավարութիւնը աքսորեր է հայ մտաւորականները, Պօղոս Փաշան իսկոյն դիմեց Սպանիոյ թագաւորին, որպէսզի միջամտէ անոնց Պոլիս վերադառնալուն համար: Ն. Վեհափառութիւնը ապահովիչ պատասխան մը տուաւ, բայց արդիւնքը յայտնի է: Բացի մէկ քանիէն, բոլոր աքսորուած մտաւորականները սպանուեցան զարհուրելի պայմաններու մէջ:

Տիար Ռ. Որբերեան. Ուրեմն, մեզի կը մնայ ազգովին անարշիսթ ըլլալ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պատուիրակութեան թողունք, որ իւր սովորական դիմումները ընէ: Բայց, միւս կողմէ, պէտք է խնդրենք Վեհ. Կաթողիկոսէն, որ հանդիսաւոր կոչ մը ուղղէ ֆրանսական ժողովուրդին, եւ Պատուիրակութիւնն ալ պէտք է իր միջոցները դնէ Ն. վեհափառութեան տրամադրութեան տակ որպէսզի այդ կոչը կարելի մեծագոյն տարածումը ունենայ թէ՝ կառավարութեան, թէ՝ մամուլին եւ թէ՝ ժողովուրդին մէջ: Միւս կողմէ, ինծի կը թուի, որ կատարուելիք օգտակար գործ կայ այս միջոցիս Հռոմ: Ամենուս ծանօթ են իտալական կառավարութեան յարաբերութիւնները քեմալիսթներու հետ. գիտենք, որ անոնց վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, եւ ասիկա ապահովաբար պիտի շարունակուի՝ քանի խաղաղութիւնը չէ կնքուած: Արդ, կրնանք՝ օգտուելով Պ. Վարանդեանի Հռոմ ներկայութենէն, դիմել իտալական կառավարութեան եւ խնդրել, որ իր ագդեցութիւնը կենթարկէ հայերու