Քուէարկուներու թիլը 15 ըլլաւով. Տիար Տէր-Ստեփանեանի առաջարկութիւնը, որ մեծամասնութիւն ստացած էր, ընդունուեցաւ:
Հարցում եղաւ այս առթիւ, թէ Պատուիրակութեան պակսած անդամին տեղ ընտրուելիք անձնաւորութիւնը պէ՞տք է, որ անպատճառ Համագումարի անդամ ըլլայ:
Տիար Թումայեան. Ես կը կարծեմ, որ այս մասին անպատճառ պարտադիր պայման դնելու պէտք չկայ: Փաշան կ՚ընտրէ իրեն յարմար դատած արժանաւորագոյն անձը:
Ամեն. Դուրեան. Մանաւանդ, որ Համագումարին դերն ալ կը լրանայ արդէն, որով Համագումարի անդամ ալ չի մնար:
Տիար Որբերեան. Դիրքը, հանգամանքը, աւելի արժանատրութիւնն է, որ պէտք է փնտռուին: Վսեմ. Փաշան ազատ թողելու է, որպէսզի պէտք եղած պահուն կարենայ յարմարագոյն անձը կոչել գործի գլուխ: Յաւակնութիւն մը պիտի ըլլայ մեր կողմէ խորհիլ, որ այս Համագումարէն դուրս արժանաւոր անձ չկայ:
Տիար Թէրզիպաշեան. Այդ չէր առաջարկութեան բուն իմաստը: Մեկնութիւնը սխալ է:
Տիար Որբերեան. Ամեն պարագայի մէջ՜ լաւագոյնը Փաշան ագատ թողելու է կարծեմ: Հետեւաբար' այդ իմաստով բարեփոխման մը պէտք է ենթարկել Տիար Տէր- Ստեփանեանի առաջարկութիւնը, գոր հիմա քուէարկեցինք:
Բրօֆ. Թումայեան. Համամիտ եմ: Ել արդէն ամէնէն գործնական եղանակն է ասիկա:
ժողովը որոշեց, որ Փաշան եթէ ոլգէ' կրնայ Համագումարի անդամ չեղող անձնաւորութիւն մըն ալ ընտրել: Այս որոշման վրայ' Տիար Տէր-Ստեփանեանի առաջարկութիւնը, բարեփոխուելով, ստացաւ հետեւեալ ձեւը.
«Եթէ յառաջիկային Պատուիրակութեան մէկ անդամը պակսի, Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար յարմար անձ մը կ՚ընտրէ անոր տեղը, կա՞մ Համագումարի անդամներէն եւ կամ դուրսէն»:
Այս ձեւով քուէի դրուելով, առաջարկութիւնը ընդունուեցաւ 14-ի վրայ 9 ձայնի մեծամասնութեամբ:
Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին:
ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 67, թթ. 46-55: Ձեռագիր: Բնագիր:
Նիստ ԻԸ
5 Յուլիս, 1920, ժամը 4 1/2-ին,
նախագահութեամբ
Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.
Ներկայ էին 13 պատգամատր՝
Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Որբերեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան:
Օրակարգ
1. Վերակագմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան
ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ընթերցում ատենագրութեան