Այս էջը սրբագրված է

Բայց այսով պէտք չէ աղքատ համարել հայկական բուսաբառութիւնը. նախ, զի ուրիշ ազգաց բուսաբառութիւնք այլ այսպէս իրարմէ փոխ առած են․ եւ երկրորդ, որ մեր հաւաքածէն համոզեալ եմք, որ եթէ ﬔր փափագին հաﬔմատ ﬔզի օգնող գտնէինք, այսինքն ուրիշ բանասէրք այլ՝ (զատ անոնցմէ զոր յիշած եմք ի Յառաջաբանին, հետեւող ըլլային անոնց), իրենց գտածը հաղորդելու, դեռ պիտի գտուին ի գիրս եւ մանաւանդ ի խօսս հայաբնակ կոդմանց եւ յատկապէս առ երկրագործս, շատ նոր կամ ﬔզի անծանօթ բուսական բառեր․ զորս հաւաքել եւ ﬔրինը աճեցնել՝ թողումք սիբողաց եւ յաջողաց․ նոյնպէս եւ ներել մեր գրութեան եւ տպսւգրութեան սղալանաց, մանաւանդ յօտարագգի բառս։

Իբր նշանակ երկու գլխաւոր ըսածներուս (բուսոց ազդեցութեան ի ﬕտս եւ անոնց անուանց շատութեան), ըլլայ մեր նախնեաց մէկուն, եւ նախնագունին նախնեաց, ըսածն կամ գրուածն, (որ եւ է ձեռօք եւ կերպով), ﬔր ազգին հոգւոյ եւ մտաց լուսատուին՝ Ս․ Գրիգորի․ յորում՝ ընդ իմսատից պիտի նշմարեն ընթերցողք՝ վաթսունէն աւելի յիշեալ բուսոց մէջ, քանի մի անուն կամ տարբերութիւն անուանց այլ, որ մոռցուած են ի կարգի բուսաբառութեանս եւ ի Յաւելուածին։ Կ՚առնումք զայս Ագաթանգելոսի ծանօթ գրոց յատկապէս Վարդապետութիւն Ս. Գբիգորի կոչուած մասէն, եւ Վասն Յարութեան մեռելոց ըսուած ճառէն․ որ եւ այդ գրքէն դուրս այլ գտուի ի ճառընտիրս․ եւ մեր օրինակածն այլ է ընտիր ճառընտրէ ﬕ, գրուած ի 1271 թուին Քրիստոսի։ Փափագիմք որ այս ըլլայ հաճոյագոյն մասն կամ բոլորն Նախադրութեան գրոցս։

«Կարի նմանութիւնք եւ օրինակք են ամենայն ծառատունկք (յարութեան մարմնոց). զի զիւրաքանչիւր կերպարանաց տեսիլս երեւեցուցանել. եւ ոչ երբեք, փոխեն զգոյն կերպարանացն եւ զծաղկանցն, զհամոց եւ զհոտոց եւ գտերեւոց։ Զի Արմաւն զիւր տեսիլն եւ զգոյնն եւ գհամն եւ զարարն բերիցէ․ որպէս եւ թուզն զիւր տեսիլ տերեւոյն եւ զարար կեղեւոյն, եւ զտարր մրգոյն՝ ի նմանէ որիշ. եւ այլքն ի նմանէ ուրոյն։ Զի Կարմրախնձորն զիւր զօրինակն, եւ Կարմրատանձն զիւրն եւ Կարմրադեդձն զիւրն․ եւ են նոյնք ի նորին բնութենէ, եւ են որ այլագոյնք են. զի եւ գհոտն անգամ իւրաքանչիւր ոք ի նոցանէ յատուկ պահէ։ Որպէս Կիտրոնն, եւ Ապաբալսամոնն, եւ Դափնիկն[1], եւ Ձիթենին գեղեցիկ, եւ Սերկեւիլն եւ Մուրտն, եւ Ընկոյզն եւ Նուշն, եւ Քնարուկն եւ Հաճարուկն, եւ Թութն եւ Նուռն եւ Հոյնն։ Եւ ամենայն ծառք պտղաբերք եւ տերեւաբերք եւ հասակաբերք, բարձունք եւ ﬔծաﬔծք․ որպէս Մայրն եւ Նոճն եւ Շոճն, եւ Թեղօշն եւ Սարդն եւ Սարոնն, Սօսն եւ Ակրին, Գին եւ Կաղամախն եւ Տօսախն։[2] Սոյնպէս եւ գունակ գունակ եւ երփն երփն ծաղկանցն․ որպէս, Մանրագորն

  1. Ի տպագրին՝ Դափնին
  2. Ի տպգ․ Սարոյն․․․ Ակրին․ Տուսախն։