զօրաց բանակին մէջ կը խառնէին, ու զանոնք պատերազմաց դաշտերը կը տանէին։ Մեջ կը բերէ անոնց ատելութիւնն ու մախանքն ընդդէմ քրիստոնէից, ու նոր նահատակաց պատմութիւններն, երբ աստուածախրախոյս արիութեամբ՝ հաւատոց ճշմարտութեան վրայ յօժարամիտ իրենց արիւնն ու կեանքը կը դնէին։
Դժնդակ ու տագնապալից ժամանակք էին մեր ազգին համար։ Երկիրն աւերակ ու ոտնակոխ, ուժոյ և բռնութեանց տխուր ասպարէզ ու նշաւակ եղած։ Եկեղեցիք հիմնայատակ տապալած, անոնց մէջ իրենց հոգւոյն սփոփանքն փնտռող ժողովրդեան արտասունքն ու հառաչանքը արհամարհելով։ Ուր որ կը հասնէր այն անգութ հրոսակաց ոտքը, վախն ու բարեպաշտութիւնը կը բռնադատէր երկրին բնակիչքը՝ անոնցմէ հեռու փախստեան մէջ իրենց փրկութիւնն ու ազատութիւնը փնտռել։ Սակայն որչափ ծանրագնի կըլլար իրենց այդ ապահովութիւնը։ Քանիներ առջի օրուան հարուստք, անակնկալ ու բռնադատ աղքատութեան մը դատապարտուած՝ փախստեան ճամբաներնուն վրայ սովէն կիյնային կը մեռնէին, և ընկեցիկ՝ դազանաց ճարակ և կերակուր կըլլային։ Քանիներ ամուր ապաստարան մը գտնել կարծած ատեննին, իրենց յուսոյն մէջ խաբուած, վրայ կը հասնէին թշնամիք, և ունեցածնին յափշտակելէն ետքը՝ զիրենք ալ կրակով կայրէին։ Ո՜րչափ աղէկտուր գորովալից էր ծնողաց թափած արցունքը և հառաչանաց ձայնը, իրենց գրկէն ու սրտէն յափշտակուած սիրելի զաւակաց ետևէն․ քանի փեսայք և հարսունք իբարմէ զատուած որոշուած ի հեռաւոր և յանդարձ պանդխտութիւն։ «Վայ և եղուկ էր բնակչաց գաւառին, կւսէ պատմիչն, յորս խստասիրտքն և անօրէնքն արշաւէին»։
Այսպիսի ահաւոր արեանց և դառն արտասուաց պատմութիւնն է Երեմիայի երկասիրութիւնը, շարունակելով, ինչպէս կըսէ, Մեծոփեցւոյն ու Առաքելի գրուածները, ու աչքին առջև ունենալով երկիր մը՛ որուն համար իրաւամբ կերկրորդէ մարգարէին խօսքը․ «Աշխարհ ձեր աւերակ, երկիր ձեր հրձիգ»։