Էջ:Հաւատամքի կամուրջ, Թորոս Թորանեան.djvu/71

Այս էջը սրբագրված է

Հաց հանապազորդ

Երկանաքարի մամլիչին տակ բութ Զիս տրորեցին դաժան ու անգութ Ու կարծեցին թէ հանգած եմ արդէն. Զո՛ւր։

Անոնք չիմացան, Թէ ծնած եմ ես ատոք հասկերէ Զերթ մասուր ցորեան, ոսկի արտերէ։ Մամլիչէն կ՝ելլեմ, որպէս լոյս ալիւր Հացը դառնալով հանապազօրեայ Կարօտեալներու սեղանի վրայ...

Մամլեցէք դուք զիս, Որ հաց ունենաք... հանապազօրեայ: