կուշտին: Կը զետեղենք թաքսիի մէջ եղող հսկայ ծաղկեկողովը արձանին առջեւ: Գրողներու Միութեան ծաղկեկողովն է:
Դպրոցական պատանիներ յաջորդաբար կ՛ասմունքեն էջեր Մաթեւոսեանի ստեղծագործութենէն, այնքան յաջող՝ որ չեմ կրնար զսպել յուզմունքս, ու մօտենալով կը համբուրեմ բոլորը:
Լուսանկարչական մեքենաներ գործի վրայ են: Ներկայ են հանգուցեալիս բոլոր հարազատները, գրողներ, դասախօսներ, գրողին գործերուն երկրպագուները: Աչքի կը զարնեն բացակայ գրողներ: Ո՞ւր են: Ո՞ւր երբ խօսքը իրենց աւագագոյն ընկերոջ մասին է: Եկողներուն մատուցելի յարգանքը պիտի վերադարձուէր իրենց:
Խօսք կ՝առնէ Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարտ Միլլիտոնեանը: Անոր ելոյթը պատշաճութենէ վեր, Մաթեւոսեանի գործերուն վերլուծումին կը յանգի: Տեսաերիզ արձանագրողը կը գործէ: Միլիտոնեանին առաջարկով՝ սփիւռքի խօսքը կը տրուի այս տողերը գրողին: Յուզած եմ: Կը յիշեմ հանդիպումներս Հրանտ Մաթեւոսեանին հետ Երանի, Հալէպի եւ Տէր — Զօրի մեջ ուր միասին գացած էինք: Մաթեւոսեանը հոն ինձմէ խնդրած էր մեկուսանալ՝ զինք առանձին թողուլ, որ յառաջանայ մի քանի հարիւր մեթր անապատի մէջ: Հեռուէն կը դիտեմ զինք: Ծնկիօ եկած է, մոմի մը լեզու կուտայ, խունկի ծուններ կը բարձրանարանան շրջապատին մէջ:
Ժամանակին այս ամայութեան մէջ բիւրաւոր հայ նահատակներու ոսկորներէն լոյսեր կ՛արկայծէին: Հիմա, տասնամեակներ ետք՝ ոսկորները խառնուած են անապատի աւազին: