Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/20

Այս էջը հաստատված է

—Չէ՞ որ Սուրիան այդ օրերուն Ֆրանսիայի ՛՛հոգատարութիւնը՛՛ կը վայելէր:

—Չակերտո՞վ:

—Այլընտրանք չկայ:

Բարետեսիւները իրենց տեղը գտան: Առաջին նահանգը թէ.

—Ի՞նչ բանի կը պարտիմ ձեր այցելութիւնը, նախ բարի եկած էք…

—Բարին ընդ ձեզ, եկած ենք շնորհաւորելու ձեր նոր տարին ու ձեր ծծնդեան օրը…

—Ուրկէ՞ ուր այդ տեղեկութիւնը…

—Ձեր հօրմէն, երանալի Յակով Տէր—Պետրոսեանէն: Երբ դուք քայլելու վարժութիւններ կ՛ընէիք, ընտանիքը որոշեց մեկնիլ Հայաստան: Տէր—Պետրոսեաններու ձեր ընտանիքը դէպի Հալէպի Շամ շոգեկառքի կայանը առաջնորդողը ես էի, Մելգոնեանի կարճ տաբատով…

—Լաւ, լաւ իմ արխիւում կայ ձեր ուղեւորողի այդ լուսանկարը:

—Օրինակ մը կարելի՞ է ունենալ:

—Առիթով մը ինչո՞ւ ոչ…

—Հիմա իմ քաղաքական հարցումը. Ի՞նչ է պրն. Նախագահ ձեր կարծիքը Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան մասին:

—Իմ անձնական կարծիքը գուցէ ոմանք չկիսեն, ինծի համար ան հայ գրակնութեան մեծագոյն արձակագիրն է, որ ազգային ըլլալով կրցաւ վեր բարձրանալ դէպի միջազգային համբաւ: Անոր հերոսները ընկերակիցները դարձան