Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Այս էջը հաստատված է

Զաւէն Պիպեռեանին, եւալն: Սրանք վերջին մոհիկաներն են Իսթանպուլահայ գրականութեան:

Մենք ոտքի կ՛ելլենք ցտեսութիւն ըսելու ՀՀ առաջին նախագահին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր յայտնած տեսակէտներուն համար:

Ընթացքին հիւրասիրուեցանք, եւ տիկին Տէր — Պետրոսեանը նոյնպէս գալով՝ մեզի շնորհաոր նոր տարi մաղթեց: Յիշեղինք մեր հանդիպումը Լոս Անճելըսի մէջ, երբ դիտորդը եղանք թատերական երեկոյթի մը՝ Բարեգործականի ուժերով կազմակերպուած, երբ մեր առաջին նախագայի տիկնոջ խօսք տուին, ու ծափողջիւններու մեջ հսկայ փունջ մը ափերուն՝ վար իջաւ բեմէն:

Հայոց հանրապետութեան առաջին նախագահը մինչեւ դարպասը հետեւեցաւ մեզի, մաղթելով առողջ կենաք եւ յաջողութիւններ, ապա կանչեց իր վարորդը՝ որ մեզ հասնէ մեր ուզած տեղը:

Մենք ուզենցիք Երեւանի մեծագոյն հրապարակին մօտ իջնել:

Երբ դեռ դարպասին մօտ էինք ինքնաշարժի կողքին՝ ըսի.

— Անկրկնելի Եղիշէ, անկրկնելի Չարենցի ՛՛ Երկիր Նայիրի՛՛, դէպի աշխարհին բացուած անկրկնելի Հրանդ մաթեւոսեան, եւ այս բոլորին սրտակից Յակոբ Մենձուրի:

ՀՀ առաջին նախագահը կրկնեց.

— Չմոռանաք այս մեծութիւններն ու մեզ մեր երկիրն կապող բոլոր հայերը:

Բերկրալի արդիւնքով տեսակցութիւն մըն էր: