Բ.
Հրանտ Մաթեւոսեանը՝ եւ
գրականագէտ Ժենիա Քալանթարեանի
՛՛Դիտանկիւն՛՛ երկը
Ա. ՄԱՍ
Անմիջապէս յայտարարեմ, որ այս գրուած է վասն մեզ եւ բազմաց՝ բազում վերլուծումներով:
Հրատարակուած է Երեւանի մէջ 2015 թ.—ին, տարւոյն պէս այժմէական:
Խմբագրուած է Արմէն Աւանէսեանի կողմէ, 367 էջերով:
Տպաքանա՞կը: Ափսո՜ս, միայն 300 օրինակ…
Այս աշխատասիրութեան Ա. Մասը նուիրուած է գրականագիտութեան արդի խնդիրներուն, ու կը յատկանշուի գրականագիտութեան բազմադիմութեամբը:
—«Այսօր համեմատաբար, այսինքն ոչ բացարձակ, աւելի ընդահանրակամ ճանաչում ունի գրականանգիտութեան ըմբռնումն իբրեւ գրականութեան մասին գիտութիւնների համակարգ, ըստ որի, գրականութեան պատմութիւնը քննադատութիւնը, տեքսաբանութիւնը, մատենագիտութիւնը, աղբիւրագիտութիւնը եւ օժանդակ այլ բնագաւառներ»:
Գրականագէտը ինչպէ՞ս պիտի շալկէ այսքան ծանրութիւն:
Երբ 1963 թ.—ին Էդ. Ջրբաշեանը մեզի կը խօսէր միայն գրականութեան տեսութեան մասին:
Քալանթարեանը կը յաւելու.