մասնաւորապէս Հրանտ Նազարեանցի եւ Կարա Դարվիշի ՛՛ վերականգնման՛՛ փորձը, որ պէտք է ընդունել որոշ վերապահութեամբ»:
Որոշ վերապահութեամբ խօսքը կը յուշէ մեզի, թէ արդեն՞օք յիշեալ անուները արժանի՞ են, տուա՞ծ են վեարժեւորման արժանի գրական, ստեղծագործական երկեր, թէ՞ նապաստած աղմուկի մը բարձրացման:
Գրիգոր Պըլտեան որպէս գրականագէտ, գրավերուծող այլ եզրեր փնտռած է յիշելաներուն մօտ, բարի մօտեցումի ճամբով:
Մեր նպատակն ալ յիշեալ անունները մրոտելը չէ: Անոնք գոյութիւն ունեցած են, կ՛արժէ բոլորոբին չմոռնալ զիրենք:
Հաստատել անոնց տուածը՝ եւ ո՛չ թէ խօսիլ անոնց գործերուն մէջ փնտռել—գնել անոնց չտուածը:
—«Ըստ էութեան, պոլսահայ գրակաութիւնը չտուեց ոչ մի ապագայապաշտ գրող»:
Եւ միթէ Թիֆլիսն ու Երեւանը տուի՞ն կարա Դերվիշէն զատ ուրիշ ապագայապաշտ գրող մը: Տուէ՛ք անուններ, եթէ կան:
Նախատրամադրեալ հաստատումները բուժիչ դեղ ըլլալէ հեռու են, պումերակի պես կրնան ենթական հարուածել:
Ժենիա Քալանթարեանը կ՛եզրակացնէ.
—«Այսքան անհամաձայնութիւններ ունենալով յատկապէս հեղինակի ժխտական ոգու դէմ՝ չենք կարող նոյն ոգով անտեսել նրա ՛՛հայկական ֆուտուրիզմ՛՛ գրքի էական արժանիքները, որոնք արտայայտում են առաջին հերթին հայկական տեղեկատուական շատ յաճախ նոր, թարմ անտիպ նիւթեր