Մեծ արձակագիրը, փայլուն էջերու հեղինակ Բակունցը՝ զէն ի ձեռին կամաւոր… Այդ ոգին է որ պէտք է ժառանգենք: Մեր այդ օրերու երիտասարդութեան գերագոյն զոհողութիւնը, արիւնը, տալու պատրաստակամութիւնը մեծ պետութիւն կոչուածները տապառով բզիկ-բզիկ ըրին՝ քարէ դարեան վայրենիներու հանգոյն:
Ճիշդ կը նկատէք գրականագէտ տիկ. ժենիա, որ յետոյ Բակունցը վերադաարձ մը կատարած է դէպի Սեւցելերի սերմացան, Սպիտակ ձի, դէպի վէպ ու վէպեր՝ մշակոյթով պաշտպանելու համար ի՛ր, մե՛ր երկիրը: Այդ զէնքը եւս գլացուեցաւ Բակունցին, որպէսզի իր արիւնը որպէս նահատակի՝ հոսի բանտի խուցին մէջ—հազար ափս՜ոս Մոկաց Միրզէն…:
Մենք իրարու դաս տալու չէնք ելած: Այս էջերուն վրայ եկած ենք միասին ողբալու մեր մեծագոյն կորստներուն համար: Բակունցը, մեր միրհաւը մեր սասունցիներու պարը երբ կարծէք երկու լեռներ իրարու կը զարնուին՝ քանի՞ տարի տրամադրեց մեր գրականութեան, դուք լաւ գիտէք: Այս էջերուն վրայ վերակենդանացուցած էք Բակունցը: Բայց, որք՜ան աւելին պիտի ունենայիք նոյն ոսկէ գրիչէն… եթէ ապրէր ան, եթէ հայու ձեռքով հայ մեծատաղանդ գրողին կեանքին վերջ չտային…
Ո՞ւր մնաց ՛՛Կիրորէսը՛՛, ՛՛Կարմրաքաը՛՛, ՛՛Ծիրանի փողը՛՛ կը գրէք.
—«1930—ական թուականներին Բակունց արուեստագէտն աւելի է հասունանում, տաղանդը դառնում է աւելի ընդգրկուն, գրիչն աւելի համարձակ…»: