Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Այս էջը հաստատված է

մը՝ մրգաստաններ յիշեցնող: Ահա թէ ինչ կը գրէ այս մասին յարգաժան Ժենյա Քալաթարյանը.

—«Յիշատակուած երկերից իւաքանչիւրn ունի գեղարուեստական իր արժէքը եւ որոշակի նպատակը, բայց միաժամանակ այդ երկերն ունեն Մահարու աշխարհայեացքից ու գեղգիտութիւննից բխող ընդհանրութիւններ: Նշուած ստեղծագործութիւնները այստեղ չեն քննուելու իբրեւ գեղարուեստական միաւորներ, այլ իբրեւ ազգային գաղափարախօսության եւ վարքագծի նկատմամբ Մահարու դիրքորոշման դրսեւրումնոր»:

Հեղինակին միտքը աւելի բացորոշ է՝ ծանարանա՛լ Մահարիի ամենէն աղմկայարոց եւ իրապէս գեղարուեստական հարուստ խորքով ՛՛Այրուող Այգեստաններ՛՛ գործին վրայ: Գործ մը, որ կրնար երջանկացնել որեւէ հայ թէ օտար գրող:

Վերի գործերուն վրայ հեղինակին նայուածքը հերուանցի չէ սակայն: Հոն ըսուածը արժեւորել եւ վերլուծումներ ընելէ բացի՝ իշխանութիւններու քաղաքական վարքագիծը շեշտելուն մէջ կը կայանայ.

—«1928 նորասեղծ Խորհուրդային իշխանաութիւնը, մեղմ ասած չեր խրախուսում անցեալի մասին որեւէ գրուածքը եթէ այն ներծծուած չէր դասակարգային գաղափարախօսութեամբ»:

Մահարին ՛՛Մանկութիւն՛՛ վիպակը անցալ մասին էր ու ժամանակ քննադատները պատրաստ էին խծբծելու Մահարիի այդպիսի գործերը իբր պետական քաղաքական ուղղութեան պաշտպաններ:

Բայց ահա հեղինակին կարծիքը.