Այսքան տարբերութիւններէ ետք ալ ի՞նչ ազդեցութեան հարց, երբ Մաթեւոսեանը ին եւս տեղ մը արտայայտուելով ըսած է.
«Երբ ազեցութիւններու մասին խօսին՝ կ՛ըսեմ մօրմէս, Չեխովէն, Չարենցէն, Տոլստոյէն, Համո Սահեանէն կրնամ ազդուած ըլլալ, բայց վճռականապէս կ՛ըսեմ՝ Ամերիկեան գրականութենէն երբե՛ք»:
Նմանութիւններու հարց ամէն տեղ կրնայ պատահիլ:
Արդէն Քալանթարեանը եւս կ՛ըսէ.
«Միագամայն այլ բան է, որ երկու գրողների դէպքում էլ գործ ունենք ոչ թէ նեղ փաստագրական այլ գեղցարուեստական լայն ընդհանրացումների հետ, երբ գրողները վաւերական անհատին դնում են անձնական ու հասարակական բարդ կապերի մէջ: Նրա միջոցով երեւան հանում կեանքի թաքնուած ճշմարտութիւնները, տեսանելի, առաւել եւս անտեսանելի կողմերը»:
՛՛Տաշքենդ՛՛ վիպակը Հր. Մաթեւոսեանի եւ 20—րդ դարի արձակի համատեքստում
«Այս ուսումնասիրութեան նպատակն է տիպաբանական քննութեան միջոցով երեւան հանել այն ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները, որ ունի Հր. Մաթեւոսեանի ՛՛Տաշքենտ ՛՛ վիպակը 20—րդ դարի արձակի մի քանի բնորոշ դրսեւորումների, մասնաւրապէս Ու. Ֆոլքների ՛՛Շառաչ եւ ցասում՛՛ վպի հետ: Դա հնարաւորութիւն կը տայ բացայայտելու հայ գրողի մտածողութեան ու գեղագիտութեան ինքնատիպութիւնը»: