Դուռը անմիջապէս բացուեցաւ: Դէմս զո՞վ գտայ: Ուսանողական տարիներէս մէկ բարեկամս՝ Աշօտ Եղիազարեանը, որ րոպէներ ետք պիտի բացումը կատարէր օրուան գիտաժողովին: Մենք գրկախառնուեցանք: Յուշեր պատմելու ժամանակը չէր: Մտանք դահլիճ:
Գիտաժողովը բացուած յայտարարուեցաւ: Դահլիճ ընդարձակ չէր՝ պարապ ալ չէր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան երեք հոգի.
1.Բացման խօսք՝ ՀՌՀ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամբիոնի վարիչ Ա. Եղիզարեան:
2.Ողջոյնի խօսք՝ ՀՌՀ գիտական գծով պրոռեկտոր Պ. Աւետիսեն:
3.Ողջոյնի խօսք՝ ՛՛ Հրանտ Մաթեւոսեան՛՛ հիմնադրամի տնօրէն Դ. Մաթեւոսեան:
Անշուշտ պիտի ուզէի, որ ենթականերու անուները եւս տրուէին՝ եւ ո՛չ թէ լոկ ազգանունները:
Պէտք է հաստատել, որ լուրջ միջոցառում էր: Գիտական ելոյթ ունեցան նիւթին գիտակ իննը անձաւորութիւններ, որոնցմէ երկուքը՝ ռուսերէն լեզուով, ուրեմն եօթը հոգի մայրենի լեզուով:
Ինծի համար հետաքրքրականը՝ խի՛ստ հետաքրքրականը այն էր, որ ելոյթ ունեցողներէն երկու երիտասարդ էին:
Անոնցմէ վերջինէն խնդրեցի ունենալ իր զեկոյցին մէկ պատճէնը՝ զոր ստացայ անմիջապէս:
Ուրեմն, Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեամբ զբաղուող երիտասարդ ուժեր ե՛ւս կան Հայաստանի մէջ: