Էջ:Ձմեռ, Հայաստան, Թորոս Թորանեան.djvu/6

Այս էջը սրբագրված է

մեզ կը դիմատրէ ԼԼշոտը, Բւսյանդարներու որդին։ Զբաղած է փայտ ջարդելով, վառարանի համար, թեւերը լւսյն տարա¬ ծելով,– Այս ի՜նչ անակնկալ, կ՚ըսէ ու կը շարունակէ, վերեւ բարձրացէք, բոլորը տանն են, ալս մէկ երկու փալտերն էլ ջարդեմ ու բարձրանամ։ Նկարիչ է Աշոտը։ Այդ րոպէին փայտ կը ջարդէր։ Այսինքն նկարիչի իր վրձինը իր ձեոքէն իդող մը չկար։ Ընդ– հակառակը, տան սենեակները պիտի ջերմացնէր, որ նկա– րէր։ Սարգիս Բւսյանդուրն ու Ասւրօ Աւսրգւսրեան ամուսինները մեզ ընդունեցին հին օրերու ջերմութեւսմբ։ Կրակարանին վրայ թէյամանը սենեակին մէջ էր տարածած իր կլթկլթոցը։ Ուրցի թէյ էր։ Բուրմունքէն էր յայտնի։ Բաժակները լեցուեցան ու բացուեցան կծիկները խօսակցութեան։ «Ձնհւսլից Յետոյ» անցած էին տարիներ։ Այդ՝ Աւսրոյին գիրքերէն մէկուն անունն էր։ Պէտբ է ըսել, որ Բայանդուրները պատկանած են մեր մտաւորականներու այն դասին, որոնք ամբողջական նուիրում ցուցաբերած են երկրին հանդէպ եւ ապրած բարեկեցիկ կեանքով, ի հարկէ ոչ հարուստ, եւ այսօր ալ, հակառակ երկրին մէջ ստեղծուած նիւթական ծանր պայմ՛աններուն, անոնցմէ չեն, որոնք ամէն յանցանք կը բարդեն պետութեան վիզին։ Աարոն կը կարդայ իր նոր գրած մէկ բանաստեղծութիւնը ուր մեծ բացական յոռետե– սութիւնն է։ Քիչ ետք կը հասնի Աշոտը, կու գայ նաեւ Անահիտ Բա– յանդուրը։ Կը խօսակցինք հին ու նոր օրերու Վրաստանի մասին։ Սարգիս Բայանդուրը, «ՍովետակաՍ Արուեստ» ամսագիրի երկար տարիներու խմբագիրը, թիֆլիսեցի է։ Խօսելիք շատ ունի վրաց մտատրականութեան եւ մայրա¬ քաղաքի հայութեան, հայ դպրոցներու գրուածքին շուրջ։ Կը խօսինք հայր եւ որդի Կամսախուրտիաներու մասին։ Հայրը որքա՜ն հայամօտ եւ որդին՝ այնքան հայահեռու. • •: Առաջին եւ յուսադրիչ հանդիպում, ուր պարսաւ չկայ 6