'4.Մկրտիչ Եօթնաղբայրեան, Յակոբ Ռասթկէլէնեան եւ Մարօ'
Այս մէկն ալ չորրորդ դասարանի պատմութիւն է։
Այս պատմութեան մէջ ալ մեռնողներ կան՝ բայց Տալիդան
չէ։ Մեռնողները թիւրքեր են։
Այսօր է որ բառը կը վերլուծեմ՝ թիւր-սխալ, թիւրքեր՝ սխալներ, եւ այդ ալ ինչպիսի՜ սխալներ՝ որոնց պատճառով արեան գետեր հոսած են...
Կիւլպէնկեան վարժարանի չորրորդ դասարանի ֆրանսերէն լեզուի դասապահն է։ Ֆրանսերէն լեզուի մեր ուսուցիչը
կը կոչուէր Նշան Քէօմիւրճեան։ Կ՚ըսէին թէ ան հնչակ մըն է։
Տակաւին չէինք գիտեր թէ հնչակ-դաշնակ ինչ կը նշանակէր։
Թէեւ երբ երրորդ դասարան էինք՝ անձրեւոտ օրերուն զբօսանքի պահերուն դասարան մտնելով կ՚երգէինք «Կարկուտ
Տեղաց»–ը, եւ կ՚ըսէին «այս դաշնակի երգ է»։ Երբ ոմանք ալ
կերգէին «Հեռաւոր երկիր»–ը կ՚ըսէին «այս հնչակի երգ է»։
Իսկ երբ կը հնչէր «Սուրը կտրուկ մեր կարմիր բանակին» երդը կ՚ըսէին «այս ալ պոլշեւիկի երգ է...»։
Հիմա Պրն. Քէօմիւրճեանը գրատախտակին վրայ ֆրանսերէն բառեր կը գրէր «Cordonier, bootic, chauseure», մինչ
ես գլուխս ծռւսծ՝ գիրք մը կը կարդայի, «Ուրֆայի հերոսամարտը», ուր Մկրտիչ Եօթնաղբայրեանը ատրճանակը ուղղուած Էր թիւրքի մը կուրծքին։
Բարձը լսուեցաւ ուսուցիչին ձայնը.
֊«Vous Toranian, que fais tu la fa...
Ընդոստ ոտքի՝ ըսի.
–«Rien monsieur...»։
....Երկրորդ անգամ՝ նոյն հանդիմանական ձայնը...
Գիրքը դարակին մէջ հրեցի՝ «Rien» ըսելով։
Պրն. Քէօմիւրճեանը եկաւ, ձեռքովքննեց դարակը՝ ու.
–«Անամօթ, - ըսաւ, - դասի պահուն ուրիշ գի՞րք կը կար¬
դաս։ Գիրքդ գրաւուած է։ Դասիդ հեւոեւէ. ըսէ նայիմ՝ ի՞նչ ըսել
է Cordonier»։
- «Պարոն, Մկրտիչ Եօթնաղբայրեանը ատրճանակը քաշած էր՝ եւ...