Փամփուշտին «կոճակ» անունը դրած էինք՝ մեղաւոր բառ մը գործածած չըլլալու համար։
–«Ե՞ս»։
–«Այո դուն»։
–«Ես կոկոզավիզ չեմ, կոկոզավիզը հայրդ ու մայրդ են՝ որ քեզ ծնած են»։
–«Ծօ, հիմա վրադ ողջ կոճակ մը կը շպրտեմ հա՜, լակոտի խօսքեր չըսես, վերջ»։
–«Եկուր քեզի քանի մը կոճակ տամ՝ հաշտուինք եղբայր։ Ես վաթսուն կոճակ հաւաքած եմ»։
–«Ապօ՜, այդ ի՞նչ ըսիր, ճի՞շդ ես»։
–«Այո, ճիշդ եմ»։
–«Ուրեմն տասը կոճակ տուր՝ որ հաշտուինք»։
–«Թէեւ շատ ուզեցիր՝ բայց եկուր համրեմ»։
Կը հաշուէինք։
Երբ ֆրանսական բանակը ներկայութիւն էր մեր մօտ՝ էնտախին մօտենալը արգիլուած Էր, խստօրէն արգիլուած։
Արդէն արգիլուած ըլլալն ալ աւելորդ որոշում էր։ Մարդիկ գիտէին որ հոն ռազմափորձեր կան՝ եւ յանկարծ վրիպած փամփուշտ մը կրնար կամացուկ մը բարեւ տալ մարմինիդ որեւէ մասին...
Հիմա, որ անկախ Հայաստանի մէջ ենք՝ մեր երկրին մէջ «էնտախներ» կա՞ն։ Եթէ կան՝ որո՞նց ձեռքին են։ «էնտախ» ըսելով հասկցէք՝ Հոլանտայէն ծաղիկի ներածում, կամ կաթնտու կովերու ներածում։ Կամ դուք ըսէք՝ ծխախոտի, պէնզինի ներածում։ Թողունք երազելը։ «էնտախ» մը չէ՞ հանքային ջուրը՝ որ մեր հողէն կը բխի, կամ մոլիբդէնի, պղինձի, ոսկիի հանքերը... Ասոնք բոլոր մեր ժողովուրդին ծառաներն են չէ՞։ Եթէ ծառաները չեն՝ պէ՛տք է ըլլան։ Չէ՞ որ ժամանակին մեր պղինձի հանքերը ֆրանսացիներու «էնտախ»–ն էին՝ Ղափանի մէջ։ Ղափանը եթէ որպէս եզր վերլուծենք՝ թուրքերէնով կը նշանակէ գողնալ, յափշտակել։ Պիտի ըսէք՝ հիմա ոչ ոք կրնայ յափշտակել մեր պղինձը։ Որ այդպէս է՝ ուրախանալը քիչ է։
Մեզի, մանուկներուս, պատանեակներուս համար՝ ֆրանսացիներուն Սուրիայէն պարտադրաբար մեկնելէն ետք, Հալէպի «էնտախ»–ը ուրախութեան վայր էր, հրճուանքի վայր։ 19