Փամփուշտները գտնալով կը վաճարէինք՝ դրամ շահիլը հեշտ էր կը կարծէինք։
Բայց ինչպէս մեծ մայրիկս յիսուն տարի առաջ կ՚ըսէր՝
–«Հալէպի մէջ հացը ձիաւոր էր՝ իսկ մենք գաղթական եկած հայերս բոկոտն կը վազէինք, որ ձիաւոր հացին հասնէինք»։
Եթէ Հալէպի մէջ դեռ ապրէր մեծ մայրս՝ փողոցներու եւ փլատակներու մէջ միայն դիակներու պիտի հանդիպէր քաղաքակրթութեան 21րդ դարուն։ Արդէն 19-րդ դարի եւ 20-րդ դարի սկիզբը լաւ գիտէր մեծ մայրս, երբ մէկ տարեկան իր որդին գրկած Այնթապի շրջանին պատկանող ճիպին գիւղէն (այժմ Սայլաքայա) հասած էր Սուէզի ջրանցք, մի՜ մոռնաք՝ հետիոտն։ Ու տակաւին, մինչ այդ քիւրդ ընտանիքի մը յանձնած էր իր վեց տարեկան աղջնակը, որ յետոյ որպէս Վարդուհի՝ մայրս պիտի ըլլար։
8.Գոհար Մամիկս
Մեծ մայրս, ըսի։
Չեմ մոռնար որ Գոհար էր իր անունը՝ թէեւ թարգմանաբար ճուհար կը կոչէին զինք։
Երկրին մէջ՝ այսինքն ճիպին գիւղին մէջ, գիւղ՝ որ հեռու չէր Հռոմկլայէն, ուր մեծագործած էր Ներսէս Շնորհալին, ու այդ իսկ պատճառաւ ճիպինի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ ընտանիք՝ անպայման Ներսէս անունով մանչ մը կ՚ունենար, որ մեծնալով շնորհալի դառնար։
Գուցէ այս էր պատճառը, որ մեր Երեւանի բժշկական համալսարանի դասախօսներէն Պելճիգայի մէջ ոսկի մետալի արժանացած փրոֆ. Անդրանիկ ճուղարեանը՝ մեզի, ուսանողներուս կ՚ըսէր.
–«Երանի որեւէ մարդ տեւական անուամբ չկոչուի իր ծնած օրը՝ այլ իր մշտական անունը ունենայ որոշ տարիքէ մը ետք։
Ինչո՞ւ։
Մէկը ծնած է՝ զինք կոչած են Անդրանիկ։ Եւ մի օր էլ՝ այդ Անդրանիկը նստել է բանտում։ Բա եղա՞ւ։
Այդ անունով միայն հերոսնե րը պէտք է կոչել»։