Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/22

Այս էջը սրբագրված չէ

Երեխասներու քիչ մը մաշեցուցած կօշիկը մեծ մօրս կուտային այդ հարուստի տանտիրուհիները։ Կը բերէր, ոտքէս կը հանէր մաշած սւսնտալս ու կ՚ըսէր.

–«Հագիր նայիմ, ոտքերուդ կը յարմարի՞...»։

Կը յարմարէր՝ մեծ մայրիկս ծափ կուտար։

Պատահեցաւ որ Հալէպի մէջ Երբ դարձայ գոլէճական՝ միջոց մը կը հագնէի հին կօշիկը հարուստի որդի Անդրանիկին, որ դասընկերս էր։ Ան լաւ ու աշխատասէր հայորդի մըն էր։ Կ՚ընէր այնպէս՝ որ ոտքերուս չնայէր, որպէսզի յանկարծ չըսէր.

–«Իմ կօշիկս հագած ես...»։

Մեծ մայրիկս հասաւ իննսունի։

Հիմա արդէն ես ալ բարեւ պիտի տամ այդ տարիքին՝ երբ իր մասին կը գրեմ այս ճշմւսրտւսպատումը։ Մի՜ այպանէք, որ աչքերս լեցուած են արցունքի կաթիլներով բայց վար չեն իջնար տակաւին, արգիլողը ակնոցս է...

Այս վայրկեանիս հոս ըլլար՝ իր գիրկը իյնայի իր տարիքին մօտեցած մարգս, կուշտ մը լայի, լայի... Գոհար մամիկ կուշտ մը լայի՝ ու դուն հին օրերու պէս անգամ մը եւս համբուրէիր զիս, ի՜նչ կ՚ըլլայ, անգամ մը եւս։

Հեռո՞ւ է այն օրը՝ երթ այլեւս նման խնդրանք չեմ ունենար, թէ՞ տակաւին անգամներ եւս նոյն խնդրանքով պիտի դիմեմ Քեզի...։

9.Մեծ Հայրիկս Պետրոս (Պոզիկ)

Ուղիդ ըսեմ՝ որ օր մը, երբ հինգ տարեկանիս ես եղած էի փողոցի լակոտ՝ փողոցներու մէջ դիզուած աղբանոցներէն գամեր կը հաւաքէի, որպէսզի թրամուէի երկաթգիծերուն վրայ շարէի։ Ու թրամուէի անիւները սուրի կը վերածէին գամերս որ սուրով պաշտպանուէի։ Լակոտ մը սուրէն հասկնա՞յ։ Հիմա ոմանք գէներու քարոզը պիտի ընեն՝ որքան ալ ճիշդ կամ սխալ ըլլայ։ Այդ օրերուն արդէն երրորդ տարին էր՝ որ հայրս մեռած էր։ Կեանքիս մէջ մէկու մը հայրիկ չկրցայ ըսել։ Չտեսայ որ հայր ըսեմ։