Արրահամր թէ
«Փառք Աստուծոյ, այս անգամ դրամով եկած է չոճուխը։
Էլզա, կշռէ հացր»։
Էլզան տետրակին մէջ կ՚արձանագրէր երկու քիլօ եւս
պարտքով հաց...։
Ըսէք խնդրեմ, Ես ինչպէ՞ս մոռնամ էլզա քոյրիկը...
2.Ընկերս՝ Աշոտ Տէր Խաչատուրեանը
Մենք դասարանին մէջ քով-քովի կը նստէինք։ Երրորդ դասարանի աշակերտ էինք։
Աշոտենք ընտանեօք՝ երկու եղբայր, քոյր ու մայր՝ կը բնակէին ի «Սալիպէ» (խաչերու) փողոցին ծայրը, մէկ սենեակին
մէջ «հոգետուն» կոչուող եւ դար մը կեանք ունեցող երկաթէ
դռներով բակին, որ օժտուած էր ջրհորով ու հացատունով։
Այնտեղ փռապանը Սասունցի էր, որ հերթով հաց առնողներուն՝ որոնք մերթ կը կռուէին «կարգը իմս է» պոռալով, կ՚ըսէր.
«Յուշի՜կ, յուշի՜կ, լաօ՜, պոռացողին հաց չկայ, չի կա՜յ...»։
Աշոտին մայրն ու քոյրը՝ - երանի՜ իրենց ու Աշոտին, - կ՚աշխատէին։ Անոր երկու գրպանները միշտ լեցուն կ՚ըլլային ընկոյզով ու չամիչով։
–«Աշոտ, - կ՚ըսէի երբեմն, - ախորժակ բացող բաներ կ՚ուտես՝ անուշ ըլլայ, ես ալ ընկերդ եմ չէ՞, հատիկ մըն ալ ինծի
չտա՞ս...»։
–«Կ՚ուզեմ տալ, - կ՚ըսէր Աշոտ, - բայց ուրիշներ ալ տեսնելով պիտի ուզեն... քանի՞ հոգիի պիտի տամ։ Մայրս կ՚ըսէր՝
բայ ընողին բայ չի մնար...»։
–«Ես ուրիշին ցոյց չեմ տար, Աշոտ», կ՚ըսէի։
–«Բերանդ ալ փակե՞ս պիտի։ Ուտելու ատեն պիտի շարժես, չէ°։
Կ՚ըսէի.
–«Որպէսզի բերանիս շարժիլը մարդ չտեսնէ՝ զբօսանքին
պէտքարան կ՚երթամ, դուռը կը փակեմ տուածդ հո՛ն կ՚ուտեմ,
եւ մարդ չի կրնար տեսնել...»։