Էջ:Մանրապատումներ, Թորոս Թորանեան.djvu/10

Այս էջը սրբագրված է

Մեծ հայրս աչքերը յառեց վրաս ու հեռուներէն եկող ձայնով մը որոտաց կարծես. - Մենք այսպէս պահեցինք մեր ինքնութիւնը։

 Ես ձայն ծպտուն չհանեցի։
 Ինծի խօսողը մեծ հայրս էր, հայոց պատմութիւնն էր, որ ինծի կը

թելադրէր.

 -Մարդ եղիր, հայ եղիր ու շարունակէ մեր ճանապարհը, որ անսկիզբ

է ու անվախճան...

Հալէպ, Յունուար 1980

«ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑ» ֊Հալէպ

ԽՆԴԱՑՈՂ ԳԻԻՂԱՑԻՆ ԵԻ ԻՐ ԶԱՅՐԱՑԱԾ ՈՐԴԻՆ



[[Հեղինակ:|]]

[[Կատեգորիա:]] Հին, հին օրերուն էր, երբ այն գիւղը, ուր կ*աս1րէր Ներսէսը, բերդ մը ունէր Եփրատին շատ մօտիկ, ուր ապրած էր ժամանակին Շնոր հալին, և այդ գիւղին մէջ ընտանիք չկար, ուր Ներսէս մը չըլլար։ Ամէն մարդ, երբ մանչ զաւակ մը ունենար, մանաւանդ առջինեկ զաւակ, զայն Ներսէս կը կոչէր, որ ժմնողր Շնորհալիին նմանէր։ Ուրեմն, մօտաւորապէս հասկցանք թէ ո՜ր գիւղին մասին է խօսքը։ քննութիւնը ժլատ եղած էր այս գիւղին հանդէպ։ Ամէն կոդմ ժայռ ու ապառաժ։ Ոարեբեր Հողերը կը գտնուէին հեռո՜ւ, հևռուն։ Ապառաժը ծակելը, դժուար էր հին օրերուն։ քննութիւնը սա կայն, ինքնեկ կերպով օգնած էր այս մարդոց. յառաջացուցած էր տասնեակներով խորունկ գոգաւորումներ, բնական ջրհորներ մէկ խօսքով, ուր, ձմրան անձրեւն ու ձիւնը կը լեցուէին ուղխօրէն, արեւէն շիկնած ու մաքուր ապառաժներէն երթալ լեցնելով գոգաւոր ումն երբ։

 Գիւղր, ամբողջ ամառ այդ ջուրը կօգտագործէր։
 Անունին ծագումը անյայտ, հինէն կու գար այս գիւղը, քիչ ան գամ

նորոգուելու նշաններ ցոյց տալով։ Գիւղին մէջ մզկիթ չկար։ Սար եկեղեցի մը հայկական հողմակոծ գմրէթով, գոյնզգոյն ապակիներով լուսամուտներու վերեւ, ուրկէ, երբ արեւի ճառագայթները ներս խուժէին մեղուներու պարսի մը նման, աղօթող շինականներու վրայ ծիածան մը կը կամարուէր ու անոնք կը խորհէին, թէ առ Ոարձրեալը ուղղած իրենց խնդրանքները պիտի կատարուէին։

 Ու ինչ կըլլար իրենց խնդրանքը։

- Տէր, ըրէ այնպէս, որ պիստակենիներս խոնաւութիւն ներծծեն ապառաժէն ու առատ բերք տան։ Ըրէ այնպէս, որ ձիթենիներս առատ

10