Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Այս էջը հաստատված է

Ժամ մը եւ աւելի մեծ զմայլանքով կ'ունկնդրէի ըսածները Մինասի, երբ Յակոբ-Մինաս կ'անցնէին երկխօսութեան։ Կը խորհէի թէ երկու մեծ նկարիչներու յայտնած բոլոր միտքերը կրնայի վերարտադրել տարիներ ետք։ Որքա՜ն սխալած էի։ Երանի չէ՞ր, որ գիրի առնէի նոյն օրը, օրը-օրին։ Որքա՜ն շահած պիտի ըլլայի։

Այդ օրերուն Յակոբեանը նկարչութեամբ զբաղելու արուեստանոց մըն ալ ունէր արեւկող ըլլալէ հեռու, քիչ մը կիսամութ ուր կեանքի կը կոչուէին գեղանկարողին լուսատու գործերը։ Ամէն օր արուեստով զբաղուելու բոյն մըն էր այն։

Յետոյ, երբ 58 տարեկան էր՝ նկարիչը այլ բնակարան եւ արուեստանոց ունեցաւ Քիեւեան պողոտային եւ Հրազդան գետին նայող շէնքի մը 10-րդ յարկին վրայ, իրապէս լուսաւոր՝ արեւահայեաց մանաւանդ, լուսաւոր պատշգամբով մը։

Յակոբեանը ամէն օր կը նկարէր՝ ո՛չ միայն իր արուեստանոցին մէջ։ Ան եռոտանին ու ներկապնակը շալկած, իր երկիր Հայաստանը խորապէս ճանչնալու գզացումէն եւ ապրումէն մղուած հետիոտն կը շրջագայէր լեռ ու ձոր, հնամենի կամուրջ ու տաճար, ու կը նկարէր։

Ամբողջ երեք տարի 1967-1970, բազմիցս առիթը ունեցայ վայելելու Յակոբեաններու հիւրասիրութիւնը, որ աւելիով մատչելն էր գեղարուեստի ընկալումին, մանաւանդ Մինասի ներկայութեան։

1970 թ.-ին աւարտած ըլլալով Երեւանի բժշ. Համալսարանը՝ ես ընտանեօք վերադառնալու էի Հալէպ։

Մեր մեկնումի օրը, ողջերթի համար խումբ մը մտաւորականներ մեզի հետ եկան մինչեւ օդանաւակայան, որ այդ օրերուն կը պահէր իր հնամենութիւնը, իսկ նորագոյնը պիտի