Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Այս էջը հաստատված է

Շահան Շահնուրի խօսքերով՝ ան աւարտին կը հասցնէ այս յօդուածը։

«Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ եթէ իր երեսէն հայը անհետանայ վերջնական չքացումով։ Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած՝ եթէ հայը արդիւնաւորէ անգամ մը եւս իր հանճարին թաքուն ուժերը»:


Գ. «Ծանիր Զքեզ»


«Նախ յիշեմ մեծագոյն նկարիչ Ռաֆայէլի խօսքը. «Նկարը դիտողը եւ գնահատողը մասնակից է դառնում ստեղծագործութեան»։

Մարդու ամենաանդիմադրելի փափաքներէն մէկը այն է, որ նա ուզում է իր շուրջը եղողները իրենով զբաղուեն, փայփայեն եւ յաճախ յայտարարում է, որ ինքը ինքզինքին համար, իր հաճոյքին համար է նկարում, բայց երբ աւարտում է իր աշխատանքը՝ անմիջապէս սկսում է մտածել, որ ինչպէս անի՝ որ իր ստեղծագործութիւնը ցոյց տայ իր շուրջը եղող մարդկանց, հայրենակիցներին, անշուշտ գովասանքների ակնկալութեամբ։ Ուզում է, որ ինքը սիրուած ըլլայ, նաեւ ուրախ պիտի ըլլար՝ եթէ երբեմն-երբեմն մարդիկ փող տային եւ վերցնէին նկարը, իրենց տունը զարդարելու եւ դիտելու համար...:

Մարտիրոս Սարեանը ծնունդ էր այդ մշակոյթին, քանի որ հայերը դարերէ ի վեր շփման մէջ էին այդ մշակոյթին ո՛չ միայն տարածութեան մէջ՝ այլեւ մանաւանդ ժամանակի։