«Հիմա չկա՛յ Մինասը՝ մեր ուրախութեան աղբիւրը, հեռուներից տեսանելի հեռաստաններ բացող։ Մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր Մինասը։ Իր ինքնանկարը Գոգէնը կը յիշեցնէր։ Մեր սիրտին խոր վէրք ձգեց Մինաս»:
Յակոբեանը օր մը՝ Ռափայէլ Արամեան ու Գրիգոր Քէշիշեան գրողներուն հետ այցելած է առաջին անգամ Մինասի արուեստանոցը։
Յակոբեանը ինչպէս ինք անձամբ գրած է՝ այդ այցը գտած է «ցնցիչ անակնկալ»... ու աւելցուցած է.-
«Ես Սարեանը կը փնտռէի գտայ Մինասը... Նոր հանճար մը կար Հայաստանի մէջ, իմ աւագն էր, իմ վարպետը, իմ ընկերը... տարաժամ խփուեցաւ... Ան որքա՜ն պիտի հարստացնէր մեր ժողովուրդը...
Մինասը իր հետ գերեզման տարաւ հարիւրաւոր գլուխգործոցներ` որոնք մեր ժողովուրդի ոգիին պիտի դառնային սնունդ, իր ազատութեան պայքարին։ Մինասը եկաւ իբրեւ առաքեալ։ Նա իր արուեստով զոհուեցաւ պայքարի ժամանակ։ Մինասը միայն հանճարեղ նկարիչ չէր։ Նա ոգիի հերոս էր»:
Կը կարդաս հոգեկան խոր ապրումներու ծնունդ էսսէներու այս շարքը եւ կ'ուզես սեփական հոգիիդ մէջ եւս թաճել ոսկեղնիկ այդ խորհուրդ-մտածումները։
Նման թեւաւոր խօսքեր շատ ունի Յակոբ Յակոբեանը, որ մտածել-վերլուծելու առիթ կուտայ ընթերցողին իր «աֆորիզմներով»:
Երկրորդ կարեւոր հարցերէն մէկը` մարմնի (նիւթի) եւ հոգիի հարցն էր։