Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/36

Այս էջը հաստատված է

Սա բոլորը չէ։

Երրորդ հանրապետութիւնը սկսաւ կոչով՝ որու խօսքերը չեմ կարծեր, որ մինչ այդ գտնուէին բազմահազարամեայ Հայոց լեզուի բառարաններում «Շուկայական յարաբերութիւններ... Չկան յաւիտենական թշնամիներ, չկան յաւիտենական բարեկամներ կան յաւիտենական շահեր»։

Մարդիկ որոշ ժամանակ սպասելէ վերջը երբ տեսան, որ «շուկայական յարաբերութիւնները» չեն գալիս ըսին ոչինչ, մե՛նք կ'երթանք իր մօտ։

Այսօր արժէզրկումները շարունակւում են, եւ ամենատխուրը արժէզրկւում է խօսքը, որը ամենապինդ շաղախը պիտի ըլլար հայրենակիցները իրարու կապող։

Ես հաւատում եմ, որ մեր ժոդովրդի մէջ կայ մի բան որն իրեն պահոّւմ է վերջնական այլասերումից:

Դարձեալ Յակոբեանն է ըսողը.–

«Իրարու հանդէպ թշնամութիւնով՝ դժուար է պետութիւն ստեղծել։

Խորապէս ցաւելով նայում եմ, որ մեր ղեկավարութիւնը ժամանակին չկարողացաւ կամ չուզեց ստեղծել եւ գործադրել յստակ ծրագիր կազմակերպելու իր ժողովուրդին, իր հպատակներուն կեանքը, ապահովելու անոնց գոյութիւնը։

«Վերադիր ժառանք»՝ Ազրպեյճանի հետ մեր թշնամութիւնը։

Անո՛նք սկսան պատերազմը։

Հայ ժողովուրդ, բուժի՛ր դուն քեզ, օտարը քեզ չի՛ բուժելու»:

Ահա կարեւորը։