Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/40

Այս էջը հաստատված է

Բ. Մելգոնեանցի

Կարպիս Սուրէնեան


1945 թ.-ին երբ Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութիւն ոտք կը դնէի՝ զիս եւ միւս նոր աշակերտներու խումբը դիմաւորողներու մէջ հանդիպեցայ նոյն հաստատութեան սան Կարպիս Սարկաւագեանին յետագային գրող եւ թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանին, եւ բարեկամացայ։

Երբ Կարպիս Սարկաւագեանը աւարտեց Մելգոեան Կրթ. Հաստատութեան լրիւ ընթացքը, Բ. Համաշխարհային պատերազմը կը շարունակուէր տակաւին։ Ուստի հաստատութիւնը այս ուսանողին կոչեց ուսուցչական պաշտօնի։

1945-46 ուսումնական տարին վերջ գտաւ։ Կարպիսը պատրաստուեցաւ մեկնիլ իր ծննդավայրը Աթէնք, Պարթենոնի մօտակայքը։

Կարպիսը երբ կը մեկնէր հաստատութենէն դպրոցի օրուան բոլոր ուսանողները շարուեցան բարի ճանապարհ մաղթելու