Էջ:Յուշագրութիւն, Թորոս Թորանեան.djvu/58

Այս էջը սրբագրված է

Իր բիլ գոյնովը երկինք, Ծովերու պէս ասմազուն՝ Արեգակի շողին տակ, Ու այսպէս մենք երկուքով՝ Դարձանք լողորդ ծովերու, Բիլ ու երկնի մովի աչքերուն։ Մի՝ նախանձիք դուք մեզի, Նախանձն ուտիչ, անիրաւ։

Վերջը՝ սկիզբ

Վերջը՝ սկիզբ է բանիմաց մարդու Ստեղծարարի աշխատանքին դէմ։ Այդ վերջ կոչուածը որ սկիզբ ունի, Որ չունի վախճան՝ դարերէն եկող Դարերուն գացող մեր ժողովուրդն է, Երթուղի ընտրած ժամանակ կոչուած Ձի ու ձիաւոր, որ կը սուրայ միշտ Անվերջը դէպի՝ որպէս խուզարկու Անվերջանալի բիւր գաղտնիքներու։ Արեգակը գուցէ օր մը սպառի՝ Բայց... հայը՝ ո'չ։ Անվերջի համար սպառիլ չկայ, Դուք լսէք Աստուած վկայ...

55