Էջ:Նոր Մարաշ, Թորոս Թորանեան.djvu/13

Այս էջը սրբագրված է

ւած մը «Մ.Հ.Վ. Միութեան նպատակը» խորագիրով ուր շեշտուած են Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն հետապնդած նպատակները։

Յօդուածագիրը կը շեշտէ միասնականութիւնն ու հայրենիքին շուրջ բոլորուելու անհրաժեշտութիւնը բոլոր մարաշցիներուն, եւ օգնելու, որ «Նոր Մարաշ» անունով թաղամաս մը հաստատուի հայրենի հողին վրայ։

Ռշտունիին յօդուածը վերնագրուած է՛ «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ հայրենակցի», ուր կը նկարագրուին ահաւոր դէպքեր Համիտեան ջարդերէն. «Տուն-տուն կը մտնէին, սանդուխին, սենեակին կամ անկողինին տակ կը սպաննէին բոլոր այր մարդիկը ու կ՚անցնէին յաղթական, թանկարժէք կողոպուտներով ծանրաբեռնելով իրենց ջորիները»։

Եղեռնէն անցնելով մեր գաղթականի կեանքին, հեղինակը կը թելադրէ, որ ըլլանք պատշաճութիւնները յարգող քաղաքացիներ, սիրենք հայ գիրքն ու թերթը, ուսումը առհասարակ ու արժանի ըլլանք մեկնելու հայրենիք ու կառուցենք «Նոր Մարաշ»ը Երեւանի կուշտին։

Նշան Տէկիրմէնճեան ստոորագրւսծ է քերթուած մը «Միր Տօնւոէքը», գրուած Մարաշի բարբառով.

Հէ՜յ, Մարաշցիւտէք Լսովրչական, Կաթոլիկ, Բրտեսթոն,
Ալոյմընասէ հավքվինք ըրթօնք Հայաստոն,
Իւնիւր համօ միր պօպտէքը քէշիցին շօտ զուլումտէք,
Իւնիւնք չի կանցին ըրթիլ. մինք ըրթօնք կէօնէնմիշ ըննօնք։

ՍԱԿԱ-ն ստորագրած է արձակ գրութիւն մը, արդիւնք հայրենադարձութեան յառաջացուցած խանդավառութեան։ «Աղջնակիս հետ գլուխ գլխի» վերնագիրով։ Երեք տարեկան աղջնակը նամակ է գրեր Սթալին պապային... օրերուն չգրուած պարտադրանքն էր այդ։ Երեք տարեկան մանկիկ մը նման արտայայտութիւն հազիւ թէ ունենար։ Հայրը իր կարծիքը վերագրած էր դստրիկին։

Այստեղ ունինք բանաստեղծութիւն մը Պետրոս Պարգեւէն «Հայրենիքի կարօտ» խորագրով.

Ու եթէ ես, հայրենիք, պիտի երբեք չկրնամ
Հասնի Քեզի, ա՜հ, նոյնիսկ կթոտ ծունկով, սողալէն,
Յետին մասնիկն ուժերուս եթէ պիտի սպառտմ