Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Այս էջը հաստատված է

Սասունէն, մէկ խօսքով մեր երկրին բոլոր կողմերէն եկող հայեր հաստատուեր են Այնթապի մէջ։

Յիշենք, որ Հռոմկլան Կաթողիկոսանիստ վայր եղած է 1102-1292 թուականներուն։

Պատմական այս տուեալներու կողքին կան նաեւ լեզուական տուեալներ։ Այնթապահայերը թրքախօս չեղած ունեցած են իրենց բարբառը որ խառնուած է Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Զէյթունի, Մալաթիայի բարբառներուն հետ։

Այսքանը հայերու Այնթապ հաստատուելուն մասին. թէեւ հայոց Հեթում Ա. թագաւորը 1266ին երկու անգամ Այնթապի վրայ արշաւելով ուզած է գրաւել այս քաղաքը, բայց չէ յաջողած։

Օտարներէն ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերուն եգիպտացիք իշխած են Այնթապի վրայ։

1401ին Լենկ Թիմուրը աւերած է քաղաքը։

1516ին Այնթապը կ՚իյնայ թուրքերուն ձեռքը։

Կիսաւեր բազում եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, բերդեր, կը հաստատեն թէ Այնթապի շուրջբոլորը գտնուող գիւղերէն 100ը եղած են զուտ հայաբնակ։

Եղած են բազմաթիւ առիթներ երբ հայերը բռնի թրքացուած են ու բազում գիւղեր քիւրտերով լեցուած են։

Այս երեւոյթը օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքականութեան մաս կազմած է անոնց այս կողմերը գալու առաջին օրէն։

Այնթապը հիմնովին աւերուած է Լենկ Թիմուրի, շահ Աբբասի, Նադիր Շահի արշաւանքներուն ժամանակ եւ հայ բնակչութենէն դատարկուած է 1700–1750ական թուականներուն


1915 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՅՆԹԱՊԻ ՀԱՅԵՐԸ

Այնթապի հայութեան տեղահանումը կը սկսի 1915ի Յուլիսի 28ին։ Այնթապի այդ օրերու 80.000 բնակչութեան աւելի քան 30.000ը հայեր էին։

Երբ տեղահանումը սկսաւ գաղթականները ղրկուեցան Սուրիա եւ անոնց մէկ կարեւոր մասը հասան մինչեւ Յորդանան ու Եգիպտոս։ Բայց ստուար մաս մը մնացին Համայի եւ Հոմսի