Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Այս էջը հաստատված է

Քիլիսի վրայով իրենց հասցնելով դրամ, հագուստ եւ այլ պիտոյքներ, զինամթերքի կողքին։ Միջոց մը ֆրանսական բանակը եւս հայոց փամփուշտ տուաւ։ 314 օր տեւող այս ինքնապաշտպանական կռիւէն հայերը յաղթական դուրս գալով, թուրքերը ճերմակ դրօշ պարզեցին։

1920ի Ապրիլի մէկին սկսուող այս կռիւները տեւեցին մինչեւ 1921ի Փետրուար ութը։ Բայց եղաւ անսպասելին, երբ թուրքերը ունեցած էին 8000 կռուողի կորուստ ու հայերը՝ հարիւր նահատակ - ի՞նչն էր անսպասելին.- Ֆրանսացիք ելլելով իրենց պետական շահերէն դաշինք կնքեցին քեմալականներուն հետ եւ ամբողջ Կիլիկիան, զոր խոստացած էին հայոց, յանձնեցին Թուրքիոյ եւ հեռացան կիլիկիայէն՝ «ասպետօրէն»...

Խումբ առ խումբ, Այնթապի հայերը պարտադրուեցան անգամ մը եւս հեռանալ իրենց պապենական օճախներէն ու հասան Հալէպ։

Այսպէս Կիլիկիոյ հայոց Աթէնքը՝ Այնթապը պարպուեցաւ։


ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՆԹԱՊԸ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹԷՆՔԸ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

Նախ պէտք է հաստատենք, որ Մուրատ վարդապետ հայ դպրոցի հաստատման նախակարապետներէն մէկը եղաւ։

Հայոց Այնթապի մէջ գտնուելուն վաղեմիութիւնը կը հաստատէ նաեւ 1607էն այս քաղաքին մէջ ապրած ըլլալուն յիշուիլը Դանիէլ վարդապետին։

Հայոց առաջին դպրոցին հիմնուիլը Այնթապի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1807ին -Վերին դպրոց– Եօգարը Մէքթէպ, որ յետագային վերանուանուեցաւ Հայկանոյշեան վարժարան։

Այնթապի հայկական առաջին դպրոցը, ուր դասաւանդուած է հայոց պատմութիւն, եղած է Ներսէսեան Ազգային Վարժարանը։

Այնթապի հայերը 1858ին կը հիմնեն «Թանգարան Ընկերութիւնը», որ 1863ին կը վերակոչուի «Ուսումնասիրաց Ընկերութիւն», իսկ 1867ին՝ «Վարդանանց Ուսումնասիրաց Թանգարան Ընկերութիւն», աւելի ուշ՝ «Վարդանանց Ընկերութիւն», իսկ 1847ին կը հիմնուի «Վարդանանց Մեսրոպեան Սանուց Դպրոցն»