- – Մեսրոպեան Սանուց Վարժարան - 1874-1878
- – Հռիփսիմեանց Վարժարան - 1905-1915
- – Վարդեր Վարժուհի Սէֆէրեան Գայմագամեան 1835ի ծնունդ, 60 աղջիկներու իր տանը մէջ հայերէն լեզուի դասեր կու տայ։
Այսքան դպրոցներ ունեցող քաղաք մը ինչպէս չկոչել Կիլիկիոյ Աթէնքը։
Աւելցուցէք այս բոլորին վրայ այն իրողութիւնը, որ Այնթապի շուրջ գտնուող հայաբնակ գիւղերը եւս ունեցած են հայկական վարժարաններ, որոնցմէ յիշենք.– Ճիպին (հին անունով՝ Ջրբոյն), Արամ, էրէհ, Խէլֆէթ, Պեհեսնի, Օրուլ, էհնէշ, Քեսուն, Նիզիպ, Վանք, Ս. Փրկիչ եւ այլ գիւղեր։
Այնթապ քաղաքի հայաբնակ գլխաւոր թաղերը եղած են.–Իրահան սօղախը, Սողանլը Պազար, Գուզունլու, Գասթէլ Պաշը, Սուպուրճու, Պալըգլը, Ալապիէ, Աղեոլ, Փաշա Սոքաղը, Գայաճըգ–Գաւագլըգ, Ալլէպէն - վերջինները՝ զբօսավայրեր։
Ինչպէս չյիշենք հայուն ճարտար ձեռքերը, որոնք անուանի վարպետներ էին ձուլագործութեան, ոսկերչութեան, գինեգործութեան, ասեղնագործութեան, աղօրեպանութեան (ջաղացպանութիւն), մանուսագործութեան (հազար աշխատող), խաղողագործութեան, պղնձագործութեան, երկաթագործութեան, պայտառութեան, օճառի պատրաստութեան, տպագրութեան, լուսանկարչութեան, շիրէի պատրաստութեան, կլայագործութեան, վաճառականութեան մէջ։
Այնթապին կեանք տուողը եղած են հայերը իրենց կարգապահութեամբ, հնարամտութեամբ, գործի հանդէպ նուիրուածութեամբ։ Իսկ եթէ կարդանք 1920ին մարգարտաշար գրուած «Տոմար Արձանագրութեան Հայ Ազգային Միութեան» վաւերագիրը, զոր հրատարակել տուաւ Արմէն Յարութիւնեանը, պիտի հասկնանք, որ հայը Այնթապի մէջ եղած է նաեւ միասնակամ, հեռատես, խիզախ, քաղաքական ու պատերազմական