1924ին Պոսթընի մէջ Ա.Ա. Միաթիւն, հիմնադիր Բաբգէն եպս. (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) Կիզէսէրեան եւ Շահէ եպս. ապա Արք. Գասպարեան գործակից։ Այս միութիւնը Ամերիկայի մէջ ունեցած է 8 մասնաճիւղեր։ Ամերիկահայ Այնթապցիներու Միութեան նախագահներէն մէկը եղած է Հրանդ Սիզահեանը, ու վերջինը՝ նորոգ հանգուցեալ Եղիա Ատուրեանը։
Սփիւռք դառնալով այնթապահայերը երբեք չեն մոռնար իրենց սիրեցեալքաղաքը եւ կ՚ունենան իրենց քայլերգը՝ «Հեռու կեցէք դուք վախկոտներ» քերթուածը, որուն հեղինակն է անշուշտ այնթապցի՝ Յարութիւն Աղայեանը, իսկ քայլերգը եղանակաւորողը նուիրեալ ուսուցչապետ Հալէպի Ուսումնասիրաց զոյգ վարժարաններու հիմնադիր տնօրէն՝ Լեւոն Թ. լեւոնեանը։
Այնթապահայը մեզ հոգեւոր ցուրտին դէմ պաշտպանելու համար Հալէպի մէջհիմնեց Կրթասիրաց, Կիլիկեան զոյգ. Ուսումնասիրաց զոյգ. Արմէնեան, Զաւարեան, Վարդանանց վարժարաններն ու Ս. Աստուածածին մեծղի եկեղեցին։
Պէյրութի մէջ Երուանդ Տէմիրճեան Նազարեան Վարժարաններն ու Պիքֆայայի հայակոթող մատուռը։ Նազարեան եղբայրներ - Նազար, Կարպիս, Նուպար ու Երուանդ Տէմիրճեան ու անոր որդիները եղան Ազգային բարերարներ։ Բացի դպրոցէ ու մատուռէ Նազարեան եղբայրները Լիբանանի մէջ կառուցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համար դեսպանատուն, իսկ Տէմիրճեան եղբայրները՝ տուն, Հ.Բ.Ը. Միութեան համար - հսկայ ծաւալով ու մէկ պատը հայկական տուֆ քարով, որ պատիւ կը բերէ հայութեան։
Այնթապահայերը միշտ կապուած մնացին մեր մայր երկրի փրկուած մասին՝ Հայաստանին, առանց խտիր դնելու երկրին վարչակարգին։
Այնթապահայերու միացեալ ճիգերով 24 Սեպտ. 1975ին Հայաստանի մէջ կառուցուեցաւ ժանեակի արդիական գործարան մը, որուն համար մեծ եղան ճիգերը Գէորգ Պագըրճեանին, Արմէն Յարութիւնեանին, Արսլանեաններուն եւ այլոց։
Հայրենիքի Նոր Այնթապ աւանին մէջ հիմնովին վերակառուցուեցան