Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Այս էջը հաստատված է

շուրջ համախմբելու Այնթապի հայեցի նիստ ու կացը, սովորոյթները պահպանելու, օտար ափերու վրայ հայոց հայեցիութիւնը շարունակելու ծանր աշխատանքին։

Այստեղ մօրը կողմէ այնթապահայ ազգային գործունէութեան մշտապատրաստ Նուպար Յակոբեանը իր գլխաւորած Կրթասիրաց վարժարանի Սանուց Միութեամբ սատար կը հանդիսանայ Հալէպի 1924ին հիմնուած եւ այսօր երկրորդական վարժարանի վերածուած (իշխանական նուիրատուութեամբը տէր եւ Տիկ. Գաբրիէլ Չէմպէրճեաններու) Կրթասիրաց դպրոցին։

ՅԻՇԱՏԱԿԵՆՔ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՅՆԹԱՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐ, որոնք կեանք մը ամբողջ օգտակար եղած են ոչ միայն հայրենակիցներու, այլ ամբողջ հայութեան, երբ այսօր սփիւռքի մէջ ապրող այնթապահայերու թիւը կը մօտենայ 50.000ի եւ Հայաստանի մէջ ապրող այնթապահայերու թիւը կը մօտենայ 15․000ի։ Միշտ յիշելով, որ որքան պիտի ըլլար հայոց թիւը Այնթապի մէջ, երբ երէկի 30.000 հայերը Այնթապ մնային։

Ահա փոքր ցանկ մը օգտաշատ հայերու.– Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, Շահէ Արք. Գասպարեան, Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Թաւուգճեան, Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապայեան, Վեր. Եղիա Քասունի, Փառէն արք. Մելգոնեան, երկարամեայ տնօրէն եւ «Հայ Այնթապի» խմբագիր՝ Գրիգոր Պօղարեան, Այնթապի Պատմութեան Գ. հատորը կազմող ու խմբագրող ու այլ գիրքերու խըմբագիր՝ Երուանդ Պապայեան, ինքնապաշտպանութեան հերոսներէն՝ Աւետիս Գալէմքեարեան եւ Ատուր Լեւոնեան, Տիար Գէորգ Մոմճեան,Նազար, Կարպիս եւ Նուպար Նազարեաններ, Երուանդ Տէմիրճեան եւ Տէմիրճեան եղբայրներ, Նորայր Եպս. Պօղարեան բազմավաստակ այնթապահայը, որուն ձեռքը Երուսաղէմ Ս. Յակոբի վանք երթալով համբուրեց Հայաստանի Ա. Նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Բիւզանղ Մարգարեան. Զօր. Արամ Գարամանուկեան, Գէորգ Պագըրճեան, Արմէն Յարութիւնեան. Գալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ՝ Ճորճ Տէօքմէճեան... եւ կարելի է Եղիա Ատուրեանի կողքին. Յարութիւն Ա. Տէմիրճեանի կողքին բամապատկել այս ցանկը ըսելու համար, հաստատելու համար,